Շաբաթական Լուրեր – 15 Սեպտեմբեր 2017

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ կից «Բաղրամեան» սրահին մէջ պիտի կատարէ մատաղի օրհնութիւն, ապա տեղի պիտի ունենայ հաւաքական սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։

Նոյն օրը, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան պիտի պատարագէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
Խաչվերացի տօնը աւանդաբար վերամուտի օրն է մեր Թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն. վերամուտի առիթով, աշակերտները պիտի առաջնորդուին եկեղեցի, պիտի ստանան Ս. Հաղորդութիւն, ապա, բաժնուելով իրենց դասարանները, պիտի սկսին տարին՝ աղօթքներով, սաղմոսներով ու մեր հոգեւոր երգերու ժառանգութեամբ հարստանալու համար։

Կոչ կ’ընենք բոլոր հայ ծնողներուն, որ իրենց դեռատի ու պատանի զաւակները չզրկեն մեր ազգային եկեղեցւոյ ժառանգութիւններէն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022