Ազգ. Առաջնորդարանի Նախաձեռնութեամբ Յուշ Երեկոյ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի

Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանին նուիրուած յուշ երեկոն, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ոգեկոչման յանձնախումբին։

Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւորականաց դասու անդամներ, վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, պատուելի Վաչէ Էքմէքճեան, եղբայր Մայք Եուսուֆեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Պոյաճեան, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով գրասէր ու մշակութասէր հաւատաւորներ։

Նախքան յայտագրի պաշտօնական բաժինի սկսիլը, ներկաները առիթ ունեցան պաստառի վրայ դիտելու պատկերներ Ժագ Ս. Յակոբեանի շնորհահանդէսներէն, անոր ի պատիւ կամ ներկայութեան կազմակերպուած նախաձեռնութիւններէն եւ հեղինակած գիրքերէն։ Երեկոյի պաշտօնական բաժինը սկսաւ Տիկին Սիւզի Մազմանեան «Յորժամ» շարականի կատարումով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Տիկին Մարիա Քէշիշեանի, որուն յաջորդեց յիշատակի աղօթքը։

Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան, որ նշելէ ետք թէ Ժագ Ս. Յակոբեանի թաղումը տեղի ունեցած էր շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ՝ հանգուցեալի փափաքին համաձայն, այս երեկոն անոր յիշատակին նուիրուած յարգանքի ծաղկեփունջ մը նկատեց, դիտել տալով որ անոր մահով կը կորսնցնենք մտաւորականն ու դատիարակը, բայց մանաւանդ եզակի բանաստեղծ մը։ Ան նաեւ նշեց, որ Ժագ Ս. Յակոբեան սերտ յարաբերութիւններ մշակած էր Ազգ. Առաջնորդարանին եւ յատկապէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ, որ միշտ ալ սիրայօժար ընդառաջած էր հանգուցեալի գիրքերու հրատարակութեան կամ վերահրատարակութեան դիմումներով։

Ցուցադրուեցաւ «Ժագ Ս. Յակոբեան կը պատգամէ» խորագիրով տեսաերիզ մը, որ վերակենդանացուց բանաստեղծին ոգեղէն ներկայութիւնը եկեղեցիէն ներս։

Յարգանքի խօսք արտասանեց Եղբայր Մայք Եուսուֆեան, որ իրբեւ ուսուցիչ Լիբանանի մէջ եղած էր գործակիցը Ժագ Ս. Յակոբեանին։ Ան յուզումով յիշեց այն տարիները, որոնք իբրեւ մտերիմ գործակիցներ միասնաբար անցուցած էին հանգուցեալին հետ Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ «Ան իր կեանքով մեզի սորվեցուց, որ ինչ որ ընենք Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ընենք եւ ոչ թէ մեր անձին համար։ Այդ իսկ պատճառով իր հրատարակած բոլոր հատորներուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ արձանագրութիւնները. «Աստուծոյ փառքին համար եւ կամ Տէր Յիսուսի Արիւնով»», ընդգծեց Եղբայր Մայքը։

Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը՝ իբրեւ յարգանք իրենց վարժարանի երկար տարիներու ուսուցիչ Ժագ Ս. Յակոբեանին հանդէս եկաւ, «Ուսուցիչ» եւ «Աղօթք» բանաստեղծութիւններով, ինչպէս նաեւ «Տուն իմ Հայրենի» հայրենասիրական երգով։

Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան իր սրտի խօսքին մէջ վերյիշեց, որ Քեսապէն՝ իր իր նախակրթութեան տարիներէն, իր ծնողաց միջոցաւ ունեցած էր մօտիկ կապեր Ժագ. Ս. Յակոբեանի հետ ատրասանելով անոր բանաստեղծութիւնները։ Վերապատուելին մատնանշեց, որ ԺԱԳ անուան մէջ տեսած է հետեւալները. Ժ տառին մէջ՝ ժպտադէմ ու ժրաջան անձնաւորութիւնը, Ա.-ին մէջ՝ աստուածասէր եւ ազգասէր անհատը, իսկ Գ.-ին մէջ՝ գրասէր անձը։

Այնուհետեւ, Ժագ Ս. Յակոբեանի աշակերտուհիներէն Անի Պէրպէրեանի յուշը ընթերցեց Ազգ. Շամլեան վարժարանի աշակերտ Հրակ Խաչերեանը՝ ըսելով. «Գիտէինք որ բանաստեղծ է մեր ուսուցիչը, բայց այնքան խոնարհ ու բարի էր, որ տարբեր բան չէինք տեսներ իրեն մէջ։ Ազնիւ էր Պարոն Յակոբեանը, լաւ կազմակերպուած ու հետեւող ուսուցիչ մը»։ Ապա, վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները ասմունքեցին «Ով հայ, խօսէ հայերէն» բանաստեղծութիւնը եւ երգեցին «Տեսնեմ Անին ու Նոր Մեռնեմ» երգը։

Օրուան գլխաւոր բանախօս՝ Տիար Գէորգ Պետիկեանի հարազատ բնորոշումն էր անմահանուն բանաստեղծին։ Յարգելի բանախօսը ընդհանուր գիծերու մէջ եւ հանգամանօրէն ներկայացուց Ժագ Ս. Յակոբեան բանաստեղծը, մտաւորականն ու հաւատացեալը։ Ան խօսելով բանաստեղծ Յակոբեանի մասին՝ ըսաւ. «Ժագ Ս. Յակոբեան ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ նրբաճաշակ եւ վաւերական ներկայութիւն մը, ուրկէ գեղեցկօրէն կ’արշալոյսէ այս արուեստագէտ բանաստեղծին բազմերանգ եւ նրբահիւս հայերէնը, հմայիչ եւ նոյնքան թելադրական հրաւէրներով։ Ան կանուխէն բանաստեղծութեան հանդէպ յատուկ սէր ցուցաբերած էր։ Տարիները իր մէջ բիւրեղացուցած էին քերթողի իր ձայնը, հոգեւոր պատկերներով, սրտցաւ հայու ամբողջ տառապանքներով, պարզ, թելադրական լեզուով, յուզական, բնապաշտ երանգներով, անանձնական նուիրումով, սրտատրոփ բառերով ու պատկերացումներով, նուիրումի խօսքերով, որոնք իբրեւ հոգեւոր հաց, հայու մեծ ուրախութեան հաճոյքը կը բերեն ընթերցողին»։

Յայտագիրը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։ Ան նախ գոհութիւն եւ փառք յայտնեց Աստուծոյ Իր բոլոր շնորհքներուն եւ Ժագ. Ս. Յակոբեանը պարգեւելուն համար, դիտել տալով, որ այս երեկոն զԱստուած փառաւորելու, Իր անունը փառաբանելու երեկոյ մըն է, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհք ու պարգեւ է։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ «Ժագ Ս. Յակոբեան դարձաւ Բանին Կենաց պատգամախօսը՝ իր քրիստոսասէր հոգիով, աստուածանուէր հաւատքով եւ մտքի գոհարներով։ Հայ ազգի պատուական զաւակ եւ արգասաբեր մշակ՝ Ժագ. Ս. Յակոբեան իբրեւ բանաստեղծ որքան որ նուիրուած էր հայ լեզուին, մշակոյթին ու գրականութեան, նոյնքան եւ աւելի իբրեւ հաւատարիմ ծառան Քրիստոսի իր կեանքը Տիրոջ ընծայած էր ամբողջ մտքով, ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ ողջ էութեամբ։ Աստուծոյ ընտրեալ այս անօթը իր գրիչը երկար տարիներ թաթխեց հաւատքի աւազանին մէջ ու բազմատասնեակ հատորներով հարստացուց մեր գրադարանները»։

«Ժագ Ս. Յակոբեան ճանչցած էր Ճշմարիտ Լոյսը եւ այդ Լոյսն էր, որ ճառագայթեց իր գրիչով 80 տարիներու ընթացքին: Ահա թէ ինչո՛ւ անսալով Սաղմոսերգուին «Բա՛ց իմ շրթներս, ո՜վ Տէր, թող բերանս քեզի օրհնութի՛ւն երգէ» (Սղ. 51.15) բառերուն, ապաւինեցաւ Աստուծոյ շնորհքին եւ Անոր հաւատարիմ աշակերտը մնաց։ Իր խօսքը ուղիղ, անմիջական, շեշտակի, բառին բովանդակ առումովը՝ սրտաբուխ խօսք էր, ճշմարիտ մարդուն հարազատ արտացոլացումը, սրտէ՛ն աղբիւրացած, իսկ այդ աղբիւրը միայն քաղցրութիւն կը ծորէր, միայն սէր եւ ներողամտութիւն կ’արտահոսէր, միայն հաւատք, Աստուած եւ Աւետարան կը պատգամէր», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Տպաւորիչ եւ անմոռանալի երեկոն աւարտեցաւ աղօթքով, որուն ընկերացաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի կենդանի ձայնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022