Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառ

Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կազմակերպած Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշկերոյթ-տօնավաճառը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Brandview Ballroom ճաշասրահէն ներս, առաւօտեան ժամը 11:30-էն սկսեալ։

Ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհի՝ Տիկին Գոհար Սիւլահեանի։

Տոմսերու համար կարելի է դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին կամ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն: Մուտքի նուէրն է $60։

Կը հրաւիրենք մեր Թեմի զաւակները քաջալերելու Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի այս նախաձեռնութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022