Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ-Տօնավաճառ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը կը կազմակերպէ ճաշկերոյթ-տօնավաճառ մը, որ ազդանշանը կու տայ տօնական ձեռնարկներուն:

Այս տարի, ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, կ.ա. ժամը 11։30-ին, «Glenoaks Ballroom» ճաշասրահին մէջ (1320 W. Glenoaks Blvd., Glendale), հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ բարերարուհի Տիկին Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի։

Կը հրաւիրենք մեր Թեմի զաւակները քաջալերու Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի այս նախաձեռնութիւնը։

Տոմսերու եւ մանրամասնութեանց համար կարելի է հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան 818-248-7737 թիւին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022