Skip to main content
search

This page is only available in Armenian.Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց,
Եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, եւ ձեզի կը մաղթենք աստուածային բարիքներով լեցուն եւ հոգեւոր ու ազգային իրագործումներով հարուստ տարի մը։

2006 տարին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ յատկանշուեցաւ հայ գրերու գիւտին 1600-ամեակի համազգային նշումով։ Այս առիթով, Մեր Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ, խօսելով հայ գրերով մարմնաւորուած հայ լեզուին կենսական կարեւորութեան մասին, ըսինք՝ “մշակոյթներ ձուլող, համայնքներ քանդող, արժէքներ ոչնչացնող ու ինքնութիւն այլափոխող համաշխարհայնացումի ահաւոր հոսանքին դիմաց, հայ լեզուն մեր ժողովուրդին համար ամէ՛ն բանէ առաջ պէտք է դառնայ ազգակերտումի սրբազան դարբնոց ու ազգային ինքնապաշտպանութեան զօրեղ վահան։ Ան պէտք է մնայ մեր սրտին տրոփները, մեր հոգիին թռիչքներն ու մտքին յղացքները վաւերականօրէն արտայայտող ու համապարփակ կերպով կազմաւորող կենսական ազդակ։ Ու տակաւին, հայ լեզուն պէտք է դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազգային պատկանելիութեան անխորտակելի առանցքը ու միութեան ամուր շաղախը“։

Նկատի ունենալով հայ գրերու գիւտին 1600-ամեակը, 2006 տարին հռչակեցինք »Հայ Դպրոցի Տարի«։ Ընդառաջելով Մեր կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սահմաններէն ներս յատուկ ձեռնարկներու ճամբով լուսարձակի տակ առնուեցաւ հայ դպրոցը՝ մարդակերտումի ու հայակերտումի իր նուիրական առաքելութեամբ։ Ու որպէս բնական հետեւում Գրերու Գիւտի 1600-ամեակին եւ Հայ Դպրոցի Տարուան, 2007 տարին կը հռչակենք՝

“ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐԻ

Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, հպանցիկ ակնարկով մը տեսնենք թէ ի՜նչ խորունկ իմաստ ու կենսական կարեւորութիւն ունեցած է եւ ունի՛ հայ լեզուն հայուն համար։

Ա.
Հայ
լեզուն՝ հայ ինքնութեան աղբիւրը

Ազգեր կը գոյատեւեն ժամանակի ու միջոցին մէջ իրենց իւրայատուկ ինքնութեամբ։ Ազգի մը ինքնութեան գոյաւորման, կազմաւորման ու պահպանման մէջ վճռորոշ դեր ունի լեզուն։ Լեզուն ո՛չ միայն ազգը բաղկացնող անդամներուն միջեւ հաղորդակցութեան կենդանի կապ է, այլ նաեւ՝ ազգի մը հաւաքական ինքնակերտումին ու ինքնա-արտայայտութեան ամէնէն զօրեղ ազդակներէն մէկը։ Հետեւաբար, իր իւրայատուկ հնչականութեամբ, շարահիւսութեամբ ու ոճով, լեզուն, որոշ իմաստով, կ՚արտացոլացնէ ազգի մը նկարագրային իւրայատուկ գիծերը, անոր ներքին տագնապները, երազներն ու մաքառումները։

Այսպէ՛ս եղած է մանաւանդ հայ լեզուն մեր ազգին համար։ Հայրենիք ունեցող, քաղաքական ազատութիւն ու անկախ եկեղեցի ունեցող ազգ մը չէր կրնար իր ազգակերտումը արմատացնել, իր հայրենաշինութիւնը ամբողջացնել ու իր ինքնութիւնը վաւերականօրէն արտայայտել առանց ինքնուրոյն լեզուի։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց մեր ազգին այս հաւաքական գիտակցութեան մարմնացումն է։ Ա՛յս հայեցակէտով հարկ է կարդալ Կորիւնի “Վարք Մաշտոցի գործը։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց քաջ գիտէր թէ այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդին կը պակսէր լեզուն՝ հողային, կրօնական կամ քաղաքական անկախութիւնը առանձին չէր կրնար երաշխաւորել այս ժողովուրդին լի-իրաւ ինքնութեան ամբողջական կերտումը։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց գիտէր թէ՝ այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը ենթակայ պիտի մնար ասորական ու յունական մշակոյթներուն եւ այդ լեզուներով պիտի մտածէր ու ինքզինք արտայայտէր, չէր կրնար իր ինքնութիւնը ամրօրէն հաստատել։

Արդ, հայ գրերու գիւտով հայ ժողովուրդի ինքնութեան կազմաւորման ընթացքը ո՛չ միայն ամբողջացաւ, այլ աւելի՛ բիւրեղացաւ ու արմատացաւ։ Հայ լեզուն դարձաւ հայու հարազատ ինքնութիւնը պաշտպանող զօրեղ վահանը՝ պատմութեան արհաւիրքներուն ու ապականիչ հոսանքներուն դիմաց։ Նո՛յնն է այսօր, եւ աւելիո՛վ, հայ լեզուն հայրենի հողին վրայ ապրող ու մանաւանդ աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայուն համար։ Առանց հայ լեզուին, հայ ինքնութեան այս կենսատու աղբիւրին, հայ կեանքը պիտի ցամքի ազգային իմատով՝ կորսնցնելով իր հայկական հարազատ դիմագիծը։

Բ.
Հայ
լեզուն՝ հայ մշակոյթի առանցքը

Մշակոյթը ամբողջութիւնն է ազգի մը հոգեմտաւոր յոյզերուն ու երազներուն, յղացքներուն ու ձգտումներուն՝ գիրի ու գոյնի, ձայնի ու ձեւի ճամբով արտայայտուող։ Այս բոլորին մէջ լեզուն ճշդորոշիչ դեր ունի։

Դարձեալ այսպէ՛ս է եղած լեզուն հայ մշակոյթի պարագային։ Հայ լեզուն դարձած է հայ մշակոյթի ողնասիւնը, անոր արիւն ջամբող մայր երակը։ Հայ մշակոյթի պատմութեան Ոսկեդարու ու Արծաթէ դարու ստեղծման մէջ հայ լեզուն ունեցած է կեդրոնական դերակատարութիւն։ Հայ լեզուն դարձած է հայ մատենագրութեան ու հայրաբանութեան, գրականութեան ու մամուլի ստեղծման ու զարգացման մղիչ ոյժը։ Այլ խօսքով, հայ լեզուն եղած է հայ մտքին ձեւ ու ոճ, ոգի ու սլացք տուող կենդանի միջոցը։

Հայ լեզուն կը շարունակէ մնալ հայ մշակոյթի առանցքը, հայը իր հոգեմտաւոր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն առաջնորդող գլխաւոր ճամբաներէն մէկը։ Առանց հայ լեզուին կենդանի ու կենդանարար ներկայութեան, հայ մշակոյթը պիտի դատարկուի իր ճշմարիտ պարունակէն, պիտի կորսնցնէ իր հարազատ ոգին ու ինքնուրոյն դիմագիծը։ Առանց հայ լեզուին հայ մշակոյթը, որպէս մեր ինքնութեան գլխաւոր արտայայտիչներէն ու գոյութեան ամրակուռ սիւներէն մէկը, պիտի կորսնցնէ իր ինքնուրոյնութիւնը ու կենսունակութիւնը։

Գ.
Հայ լեզուն՝
հայ հաւատքին պահապանը

Հաւատքը, որեւէ՛ կրօնի պարագային, ինքզինք կ՚արտայայտէ տուեալ մշակոյթի ճամբով։ Ու հաւատքի արտայայտութիւնը մշակոյթի մը շրջագծէն ներս առաւելաբար կը կատարուի լեզուի միջոցաւ։ Հաւատք-լեզու փոխ-յարաբերութիւնը, տարբեր մօտեցումներով ու շեշտաւորումներով, բոլո՛ր կրօններուն մօտ կարեւոր երեւոյթ մըն է։ Քրիստոնէութեան պարագային եւս լեզուն կարեւոր դեր է ունեցած եւ ունի՛։

Այս իրողութիւնը բացայայտօրէն կը տեսնենք նաեւ մեր եկեղեցւոյ մօտ։ Մեր եկեղեցւոյ հայրերը յաճախ շեշտած են թէ՝ հայ գրերու ստեղծումով Աստուած հայերէ՛ն խօսեցաւ մեր ժողովուրդին հետ եւ հայ մարդուն յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ դարձաւ աւելի՛ կենդանի ու անմիջական։ Արդարեւ, հայ ժողովուրդին համար ինքնուրոյն գիր ու լեզու ստեղծելու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մղձաւանջը, հայուն համար սոսկ ինքնա-արտայայտութեան միջոց մը գտնելու մտահոգութենէն չէր մղուած. անոր մէջ նա՛եւ կար հայ մարդը Աստուծոյ մօտեցնելու, հայուն մէջ քրիստոնէական հաւատքին գիտակից խորք տալու նախանձախնդրութիւնը։

Հետեւաբար, հաւատք ու լեզու անքակտելի զուգորդութեամբ մը մեզի կը ներկայանան մեր պատմութեան մէջ։ Միթէ առաւելաբար հայ լեզուի ճամբով չէ՞ր որ քրիստոնէական հաւատքը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ինքզինք արտայայտեց հայո՛ւ դրոշմով։ Միթէ հայ լեզուի ճամբով չէ՞ր որ Աստուածաշունչը մեր ժողովուրդին տրուեցաւ իր մայրենի լեզուով։ Միթէ հայ լեզուի ճամբով չէ՞ր որ գրի առնուեցան կամ թարգմանուեցան քրիստոնէական մտածողութեան ամենէն կարեւոր երկերը։ Հայ լեզուն քրիստոնէական հաւատքը հայացուց՝ անոր տալով հայկական շունչ ու դիմագիծ։ Իսկ քրիստոնէական հաւատքի ճամբով հայ լեզուն, որոշ իմաստով, սրբագործուեցաւ՝ դառնալով հայու հաւատքին ամէնէ՛ն հարազատ արտայայտիչը, ամենէ՛ն արթուն պահապանը ու ամէնէն զօրեղ պաշտպանը։

Այսօր նո՛յնն է հայ լեզուն հայուն համար։ Արդարեւ, ոեւէ՛ հայ պիտի ընդունի՞, որ Աստուծոյ մօտենայ, Աստուծոյ աղօթէ օտարին օտարացնո՛ղ լեզուով։ Միթէ նոյնը չէ՞ պարագան որեւէ ազգի համար։ Այս գիտակից նախանձախնդրութիւնը պէտք է արմատանայ իր ինքնութեան պահպանման համար իր արիւնը թափած մեր ժողովուրդին մօտ։ Արդ, արեւմտեան կարգ մը գաղութներուն մէջ մեր ծէսէն ներս օտար լեզուներ լայն չափով գործածելու միտող մօտեցումները անընդունելի են։ Նման քայլեր միայն բացասական հետեւանքներ կ’ունենան, ամէ՛ն իմաստով։

Դ.
Հայ
լեզուն՝ հայ ազգի գոյութեան երաշխիքը

Հայրենիքի, հաւատքի ու մշակոյթի կողքին ազգի մը գոյութեան ամրապնդման ու պահպանման մէջ լեզուն ճակատագրական դեր ունի։ Լեզուն է որ ազգի մը ինքնութեան արմատները կը պահէ առողջ։ Դարձեալ լեզուն է որ ազգի մը ամբողջականութիւնը ու յաւերժութիւնը կ’երաշխաւորէ։ Պատմական իրողութեան վրայ հաստատուած անհերքելի ճշմարտութիւն է սա բոլո՛ր ազգերուն պարագային։

Ազգերու մեծ անդաստանին մէջ հայ լեզուն մեր “փոքր ածու”ին համար դարձաւ իր գոյութեան ու գոյատեւման ջրտուք կատարող յորդահոս աղբիւր մը։ Պատմութեան ընթացքին յաճախ օտար արժէքներ ու աւանդութիւններ խուժեցին մեր կեանքէն ներս. յաճախ շրջապատուեցանք այլ ազգերով, մշակոյթներով ու լեզուներով. յաճախ մեր կեանքը ենթակայ դարձաւ ահաւոր վերիվայրումներու, տագնապներու ու ջարդերու։ Այս բոլորին մէջ, սակայն, մեր ազգը մնա՛ց ու ծաղկեցաւ։ Մեր ազգը մնաց ո՛չ թէ մականով ու բանակով, այլ իր հաւատքո՛վ ու մշակոյթո՛վ եւ զանոնք մեր կեանքին մէջ կեանքի՛ վերածող Մեսրոպաշունչ Ա. Բ. Գ.ով։

Արդարեւ, երբ ուրիշներ ազատօրէն ապրելու մեր կամքը շղթայեցին, հայ լեզուն դարձաւ հայու ինքնորոշման ամէնէն շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկը։ Երբ պատմութեան պարտադրանքով բաժան-բաժան դարձանք, հայ լեզուն դարձաւ մեր ամբողջականութեան առանցքը. հայ լեզուն դարձաւ մէկ ազգի, մէկ հայրենիքի ու մէկ մշակոյթի պատկանելիութեան շաղախը՝ անդրանցնելով աշխարհագրական, դաւանական, քաղաքական ու գաղափարական բոլոր տեսակի սահմանները։

*
* *

Ահա հրա՛շքը հայ լեզուին, հրաշագո՛րծ հայ լեզուին։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայու հաւատքին ամրակուռ սիւնը դարձաւ, Վռամշապուհ արքան՝ հայու անկախութեան դարբինը, իսկ Մեսրոպ Մաշտոց՝ հայու ինքնութեան կերտիչը։ Հայոց պատմութիւնը մեր ինքնութեան, անկախութեան ու յաւերժութեան սրբազան պատերազմն է։ Հաւատքով զսպանակուած մեր ժողովուրդի յարատեւ պայքարին մէջ հայ լեզուն առանցքային դեր ունեցաւ։

Հայ լեզուն դարձաւ հայրենիք՝ անհայրենիք հայուն։

Հայ լեզուն դարձաւ տուն՝ անտուն հայուն։

Հայ լեզուն դարձաւ լոյսի շատրուան՝ աշխարհի խաւարին մէջ մնացած հայուն։

Հայ լեզուն դարձաւ յոյսի փարոս՝ յուսալքումի ճամբաներուն մէջ տուայտող հայուն։

Հայ ժողովուրդի հոգիի ճենճերումներուն, մտքի ճառագայթներուն ու կեանքի փոթորկումներուն վաւերական թարգմանը հանդիսացող մեր բանաստեղծները հայ լեզուն նկատեցին “տունը հայուն աշխարհի չորս ծագերուն (Մ. Իշխան). զայն բնորոշեցին որպէս “խարիսխը նաւու, “կնիքը ինքնութեան, “շողը մեր յոյսի (Գ. Էմին). ու տակաւին՝ “լոյս յաւերժափայլ որ “օտար հողմից երբեք չյանգեցաւ, “հզօր զէնք, որի դէմ պիտի դառնային անզօր նետ ու եաթաղան  (Պ. Սեւակ)։

Իսկ օտար լեզուագէտներ ու հայագէտներ հիացան հայ լեզուի կուռ տրամաբանութեան, իւրայատուկ ճկունութեան, ոճային հարստութեան ու երաժշտական գըրաւչութեան վրայ, նո՛յնիսկ զայն նկատելով “Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն  (Լորտ Պայրըն)։

1600 տարիներ յետոյ նո՛յնը կը մնայ հայ լեզուն մեզի համար։ Հետեւաբար, սովորական հասկացողութեամբ պէտք չէ մօտենալ հայ լեզուին։ Խաչատուր Աբովեան ճիշդ կերպով բնորոշած է հայ լեզուին վճռական դերը ըսելով՝ “Ա՛խ լեզուն, լեզուն, լեզուն որ չըլլի, մարդ ընչի՞ նման կըլի։ Մէկ ազգի պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն ա ու հաւատը։ Լեզուդ փոխի՛ր, հաւատդ ուրացի՛ր, էլ ընչո՞վ կարես ասել, թէ ո՞ր ազգիցն ես“։

Սակայն այսօր, Շահնուրի բառերով՝ “կը նահանջէ՛ լեզուն, կը նահանջէ՛ լեզուն, կը նահանջէ՛ լեզուն® մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին։ Որքա՜ն, որքա՜ն մեղաւոր ենք եւ, հետեւաբար, պարտաւոր մեղա՜յ ըսելու՝ մեր պատմութեան, մեր պապերուն, մեր սուրբերուն, մեր հերոսներուն…։ Այո՛, հայ լեզուն կը նահանջէ ամէ՛ն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէ՛ն իմաստով։ Կը նահանջէ հայ լեզուն՝

_ երբ հայ ընտանիքներէն կը հեռանայ Մաշտոցի Մեծասքանչը.

_ երբ հայ դպրոցներու մէջ աշակերտներ օտար լեզու կը խօսին.

_ երբ հայ մամուլի էջերուն վրայ կ՚աղաւաղուի հայ լեզուն.

_ երբ մեր գմբէթներուն տակ մեր հայրերուն աղօթքները օտար լեզուով կը հնչեն.

_ երբ օտար լեզուով կը փառաբանուի նո՛յնիսկ հայ գրերու գիւտին 1600-ամեակը։

1600 տարիներու պատմութիւնը իր ամէնէ՛ն ահաւոր զէնքերով չկրցաւ սպաննել հայ լեզուն։ Այսօր, մե՛նք է որ կը սպաննենք հայ լեզուն՝ երբեմն մեր անտարբերութեամբ, երբեմն մեր տգիտութեամբ, երբեմն մեր անհաւատարմութեամբ, երբեմն մեր օտարասիրութեամբ եւ “մասամբ սոցին։

Պէտք է ըլլալ գիտակից, արթուն ու խստապահանջ։

Հայ լեզուն մեր ազգի “սրբութիւն սրբոցներէն մէկն է. վա՜յ մեզի եթէ հաւատարիմ չգտնուինք այս աստուածատուր սրբութեան։

Հայ լեզուն մեր կեանքի գերագոյն գանձերէն մէկն է. վա՜յ մեզի եթէ տէր չկանգնինք այս սրբազան գանձին։

Հայ լեզուն հայ մարդը դէպի Աստուած առաջնորդող ոսկի կամուրջներէն մէկն է. վա՜յ մեզի եթէ մեր իսկ ձեռքերով քանդենք այս նուիրական կամուրջը։

Հայ լեզուն հայ մարդը իր հարազատ էութեան տանող ճշմարիտ ճամբաներէն մէկն է. վա՜յ մեզի եթէ այս ճամբան խաւարի մեր կեանքին դիմաց։

Արդ, հայ լեզուէն հեռացում կը նշանակէ հայութենէ հեռացում։

Ե. դարուն, հայ ժողովուրդի հաւատքը քանդել փորձող Յազկերտին, հաւաքական վճռակամութեամբ ըսինք՝ “Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ հրեշտակներ եւ ո՛չ ալ մարդիկ“։ Այսօր, նոր ժամանակներու Յազկերտներուն դիմաց նո՛յն կամքով պէտք է ըսենք՝ հայու հաւատքով ու հայ նահատակներու արիւնով շաղախուած հայ լեզուէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ հեռացնել։

Իւրաքանչիւր հայ ա՛յս խոր գիտակցութեամբ պէտք է մօտենայ հայ լեզուին։ Այս գիտակցութենէն ու նախանձախնդրութենէն մեկնելով, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կարեւորութեամբ կ՚ուզենք յանձնել հետեւեալ հիմնական կէտերը._

1
Հայ
լեզուն պէտք է մի՛շտ գործածել

Առաջին հերթին կրնայ տարօրինակ թուիլ այս կոչը՝ ուղղուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Սակայն, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հետզհետէ զգալի ներկայութիւն սկսած է դառնալ օտար լեզուներու գործածութիւնը։ Այս ցաւալի երեւոյթին պատճառները երբեմն մեր անմիջական հասողութենէն անդին են. բայց անոր հետեւանքները կրնան շատ ծանր ըլլալ մեր ազգին համար։ Եթէ փորձենք օտար լեզուի գործածութեան հասարակաց պատճառ մը գտնել, յատկապէս արեւմտեան գաղութներու մէջ, ատիկա մեզ շրջապատող պայմաններուն խոր ազդեցութիւնն է մեր ժողովուրդին ու մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին վրայ։ Քաջածանօթ ենք մեր գաղութներուն եւ գիտենք թէ մեր զաւակները կ՚ապրին այնպիսի միջավայրերու մէջ, ուր օտար լեզուներու գործածութիւնը դարձած է փաստօրէն ստիպողական եւ անոր առաջքը առնելու միջոցները՝ սահմանափակ ու անզօր։ Այս դժուար կացութեան դիմաց, սակայն, իրաւունք չունինք պարտուողական ոգի, կրաւորական վիճակ ու անտարբեր վերաբերում ցուցաբերելու։

Արդարեւ, երբեմն որոշ կացութիւններու մէջ եւ պայմաններու բերումով, հայու ինքնութեան կազմաւորման ու պահպանման մէջ լեզուի դերը դարձած է նուազ կարեւոր։ Անհրաժեշտ է յատուկ զգուշաւորութեամբ ու զգայնութեամբ մօտենալ այս երեւոյթին։ Ստիպողական կացութիւններէ յառաջացած հասկնալի պարագաները պէտք չէ վերածուին բնական երեւոյթներու, ընդունելի սկզբունքներու կամ հասարակաց չափանիշերու։ Մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է հայերէ՛ն գիտնան ու հայերէ՛ն խօսին. սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ այս կէտը։ Բնականաբար սա լուրջ ու հետեւողական ճիգ կը պահանջէ։

Այս ճիգի արդիւնաւորման մէջ կենսական դեր ունի նախ հայ ընտանիքը։ Այպանելի են այն ծնողները, որոնք ո՛չ մէկ նախանձախնդրութիւն ցոյց կու տան իրենց զաւակներուն հայերէն լեզուն սորվեցնելու կամ ստիպելու անոնց որ հայերէն խօսին տան մէջ։ Մեծապէս գնահատելի են այն ծնողները, որոնք հաւատարիմ իրենց ինքնութեան, երբեմն նո՛յնիսկ կը պարտադրեն որ իրենց զաւակները փոքր տարիքէն սկսեալ հայերէն խօսին։ Հայ ընտանիքէն ներս երբ հայ մանուկի շրթներուն վրայ հայերէն լեզուն կը սկսի բարբառիլ, ան երբեք չի մոռնար մայրենի լեզուն՝ իր կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ։

Ընտանիքէն յետոյ հայ լեզուի մնայուն գործածութեան մէջ կարեւոր դեր ունի հայ դպրոցը։ Հայ դպրոցն է հայ լեզուի պաշտպանութեան միջնաբերդը։ Հայ դպրոցն է հայ լեզուի տարածման առաքեալը։ Հայ դպրոցն է հայ լեզուի յաւերժացման աղբիւրը։ Հայ լեզուի գործածութեան կրնան սատարել նաեւ մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցները՝ իրենց կողմէ կատարուած զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով։

Երբ լեզուի մը գործածութիւնը նահանջէ, այդ ազգին ինքնութիւնը հետզհետէ կը գունաթափի, անոր գոյութեան արմատները հետզհետէ կը տկարանան։ Որքան ալ դժուար ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները, հայ լեզուին ամէնօրեայ ու մնայուն գործածութիւնը կը նկատենք իւրաքանչիւր հայու առաջնահերթ պարտաւորութիւնը։

2
Հայ լեզուն
պէտք է ճի՛շդ գործածել

Որեւէ՛ լեզու ժամանակի ընթացքին ենթակայ է արտաքին ազդեցութեան եւ, հետեւաբար, փոփոխութեան ու աղաւաղումի։ Լեզուաբաններ անհրաժեշտ հսկողութիւնը կը կատարեն, որպէսզի լեզուն առաւելագոյն չափով պահէ իր ճշգրտութիւնը։

Հպանցիկ ակնարկ մը հայ լեզուի ծագման ու հոլովոյթի պատմութեան վրայ, յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ո՛չ միայն հայրենի հողէն դուրս հայ լեզուն ենթակայ դարձած է փոփոխութիւններու, այլ նո՛յնիսկ Հայաստանի մէջ։ Հայերէն լեզուի կրած ազդեցութիւնները դարձան աւելի ակներեւ մանաւանդ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ։ Արդարեւ, իր Արեւելեան ու Արեւմտեան տարբերակներով, իր Մաշտոցեան ու Աբեղեան ուղղագրութիւններով, եւ տակաւին՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ իր այլազան գործածութիւններով, այսօր փա՛ստօրէն՝ խայտաբղէտ պատկեր մը կը ներկայացնէ հայ լեզուն։

Պայմաններու բերումով, Հայաստանի մէջ գործածուած հայերէնը բարձրորակ է՝ լեզուական թէ քերականական, շարահիւսական թէ ուղղագրական իմաստով։ Բայց, Սփիւռքէն ներս, բացի մի քանի գաղութներէ, հայերէն լեզուի թէ՛ բերանացի եւ թէ գրաւոր գործածութեան մէջ ահաւոր սխալներ կը կատարուին, նո՛յնիսկ երբեմն հայերէն լեզուի ուսուցիչներու, մտաւորականներու ու մամուլին կողմէ։ Հայ լեզուի ճիշդ գործածութիւնը սկսած է նահանջել։ Այս մտահոգիչ երեւոյթին առաջքը պէտք է առնել ամէ՛ն գնով ու կարելի փութով։

Այս լուրջ աշխատանքին կարեւոր նպաստ պէտք է բերէ հայ դպրոցը։ Հայ դպրոցէն ներս է որ հայ մանուկը պիտի սկսի հայերէնը ճի՛շդ սորվիլ։ Պէտք չէ միայն այպանենք որ նոր սերունդը ճիշդ հայերէն չի խօսիր. հարկ է որ նոր սերունդին ճի՛շդ հայերէն սորվեցնելու կարելիութիւնները ապահովենք։ Պէտք չէ միայն ափսոսանք որ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչները կը պակսին. հարկ է որ նոր ուսուցիչներ պատրաստենք՝ ուսուցչութիւնը ամէ՛ն իմաստով գրաւիչ դարձնելով։ Պէտք չէ միայն քննադատենք որ դասագիրք չունինք. հարկ է որ նոր դասագրքեր պատրաստելու միջոցները հայթայթենք։

Ինչ կը վերաբերի ուղղագրութեան հարցին, գոյութիւն ունեցող երկուութիւնը պէտք է վերջ գտնէ։ Հայաստան ու Սփիւռք փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ հանգրուանային կերպով հայ լեզուն պէտք է վերադարձնեն իր արմատներուն՝ Մաշտոցեան ուղղագրութեան։

3
Հայ
լեզուն պէտք է մաքրե՛լ օտար ազդեցութիւններէ

Որեւէ՛ լեզու իր անմիջական շրջապատին հետ մնայուն փոխ-յարաբերութեան մէջ ըլլալով ենթակայ կը դառնայ փոխ-ազդեցութեան։ Ու որքան լեզուի մը գործածութիւնը քիչ է եւ զայն գործածողներուն թիւը սահմանափակ, այնքան դիւրին կերպով հոն կը ներթափանցեն օտար աղբիւրներէ հոսող ջուրեր։

Արդարեւ, հրաշքի համազօր երեւոյթ է որ հայ լեզուն, հակառակ իր շրջապատին հետ ունեցած մնայուն յարաբերութեան, մանաւանդ Կիլիկեան շրջանին եւ ապա Սփիւռքի մէջ, փաստօրէն կրցած է պահել ամուր իր քերականական կառոյցը, լեզուամտածողութեան հէնքը եւ հարուստ բառապաշարը։ Վերջին տասնամեակներուն սակայն, թէ՛ Հայաստանի մէջ Արեւելահայերէնը եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ Արեւմտահայերէնը սկսան առատօրէն գործածել օտար բառեր եւ այնպիսի լեզուական ձեւեր ու ոճեր, որոնք մաս չեն կազմեր հայերէն լեզուի բառամթերքին եւ խոտոր կը համեմատին հայերէն լեզուի ինքնութեան։

Հայաստանի մէջ ռուսերէն բառերու գործածութիւնը, ճի՛շդ է, որոշ չափով սկսած է տեղի տալ. սակայն արեւելահայերէնը մաքրելու անհրաժեշտութիւնը կը մնայ հրամայական։ Մեր ժողովուրդի զաւակները երբեմն, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, մասնագիտական նիւթերու պարագային հարկադրաբար կը դիմեն օտար բառերու։ Բայց, շատ յաճախ օտար բառերու գործածութիւնը կը կատարուի որպէս նորաձեւութիւն։ Եւ ճիշդ հո՛ս է վտանգը։ Հայերէն լեզուն այնքան ճոխ է իր բառամթերքով եւ այնքան ճկուն իր արտայայտչական ձեւերով, որ հայ մարդը օտար լեզուներու դիմելու հարկադրանքին տակ չի դներ։

Օտար բառերու անտեղի գործածութիւնը բացարձակօրէն անընդունելի է. նման ընթացք մը միայն կ՚առաջնորդէ հայ լեզուի քայքայումին։ Հայ լեզուի մաքրագործումը ու բիւրեղացումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր հայ իրեն համար նուիրական պարտք պէտք է նկատէ հայ լեզուին առողջ ու մաքուր պահպանումը, զայն հեռու պահելով օտար բառերու ու ասոյթներու ներկայութենէն։

4
Հայ
լեզուն պէտք է ծրագրուա՛ծ կերպով ուսուցանել

Լեզուի մը մի՛շտ ու ճի՛շդ գործածութիւնը ինչպէս նաեւ մաքո՛ւր պահպանումը մեծապէս կախեալ է անոր ուսուցումէն։ Լեզու մը երկար կը գոյատեւէ երբ ան սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի անընդմիջաբար։ Բայց լեզու մը կը մնայ տոկուն, կենսունակ ու մաքուր երբ անոր փոխանցումը, այլ խօսքով՝ ուսուցումը կը կատարուի ծրագրուած կերպով եւ մանկավարժական մեթոտներու օգտագործումով։

Հայ կեանքէն ներս այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին է լծուած հայ դպրոցը։ Հայ դպրոցի հայակերտումի առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ ու դեր ունի հայ լեզուն։ Հայ դպրոցը հայ դպրոց դարձնողը հայ լեզուն է։ Կարելի չէ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել, հայու ոգի ներարկել նոր սերունդին առա՛նց հայ լեզուի։ Արդ, մեր դպրոցներէն ներս հայերէն լեզուի ուսուցումը պէտք է կատարուի բարձրագոյն աստիճանի բծախնդրութեամբ։ Հայերէնը ու հայերէնով դասաւանդուող նիւթերը հայ դպրոցին դասացուցակին վրայ առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւեն ու անոնց ուսուցումը պէտք է կատարուի ծրագրուած կերպով՝ հեռու ամէն տեսակ պատահական մօտեցումներէ ու հապճեպ կարգադրութիւններէ։

Հոն ուր հայ դպրոց գոյութիւն չունի, հայ մամուլը եւ հայ գիրքը պէտք է դառնան հայ լեզուի ուսուցման դպրոց։ Նաեւ եկեղեցին կարեւոր դեր ունի այս գծով։ Մեր ծէսը, եկեղեցիէն ներս տրուած քարոզները, հոգեւորական-ժողովուրդ յարաբերութիւնը, եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող կիրակնօրեայ վարժարանը, եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկները կրնան մեծապէս նպաստել հայ լեզուի առողջ պահպանման եւ ուսուցման։

*
* *

Արդ, որքա՜ն կենսական է հայ լեզուն մեր ժողովուրդին համար ու որքա՜ն հրամայական անոր անվթար պահպանումը, ինչպէս նաեւ մի՛շտ ու ճի՛շդ գործածութիւնը։ Վա՜յ մեզի երբ հեռու մնանք հայ լեզուէն։ Վա՜յ մեզի, երբ հեռու պահենք հայ լեզուն մեր անձերէն, մեր տուներէն, մեր կառոյցներէն, մեր կեանքէն։ Առանց հայ լեզուին մեր կեանքը պիտի պարպըւի հայ արժէքներէն, սրբութիւններէն, աւանդութիւններէն, հայու հարազատ էութենէն։ Մեր պատմութեան ընթացքին բացուեցանք ուրիշին, յարգեցինք ուրիշը. սակայն մերժեցինք ուրիշին պէս ըլլալ՝ մեր հաւատքով, մեր ինքնութեամբ, մեր լեզուով։ Չմոռնանք, որ հաւատքի ու հայրենքի կողքին, նաեւ հայ լեզո՛ւն պահեց մեզ, հայ լեզո՛ւն ամրացուց մեր գոյութիւնը, հայ լեզո՛ւն բիւրեղացուց մեր ինքնութիւնը։ Դարձեալ հայ լեզո՛ւն է, այսօ՛ր ու մի՛շտ, մեր ազգային պայքարին զօրեղ վահանը, մեր միութեան ամուր օղակը, մեր ինքնութեան դրոշմը։

2007 տարին “Հայ Լեզուի Տարի” հռչակելով կ՚ուզենք որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները գիտակցօրէն անդրադառնան հայ լեզուին եզակի կարեւորութեան ու վճռադրոշմ դերին մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս։

Հետեւաբար, ջերմօրէն կը թելադրենք՝

_ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն՝ Առաջնորդ Սըրբազաններուն ու Ազգային Իշխանութեանց, յատուկ նախաձեռնութիւններու ճամբով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս վերարծարծելու հայ լեզուի անփոխարինելի դերը ու առանցքային կարեւորութիւնը՝ Մեր պարզած մտածումներուն, կատարած վերլուծումներուն ու յայտնած մտահոգութիւններուն լոյսին տակ։

_ Մեր բարերարներուն, հայ դպրոցին հզօրացման, հայ մամուլին տարածման, հայ գիրքին տպագրութեան եւ հայ ուսուցչի պատրաստութեան կատարած իրենց օժանդակութիւններով, գո՛րծնապէս նպաստելու հայ լեզուի պահպանման եւ ուսուցման հրամայական աշխատանքին։

_ Մեր կառոյցներուն ու անոնց պատասխանատուներուն, վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու հայ դպրոցին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հոգածութիւնը, հայ դպրոցը համապարփակ վերակազմակերպումի ենթարկելով, եւ այդ ծիրէն ներս հայ լեզուի ուսուցման առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելով։

_ Մեր մամուլին ու անոր սպասարկուներուն, իրենց լրատուական աշխատանքը վերածելու հայ լեզուի առողջ պահպանման եւ ազդու ուսուցման ազգային, մշակութային ու կրթական առաքելութեան։

_ Մեր ուսուցիչներուն, մանաւանդ հայ լեզու դասաւանդող ուսուցիչներուն, յատուկ բծախնդրութիւն ցուցաբերելու հայ լեզուի ուսուցման նկատմամբ՝ զայն նկատելով նուիրական կոչում։

_ Մեր ծնողներուն, իրենց ընտանեկան յարկին տակ միայն հայերէ՛ն խօսելու, միայն հայերէ՛ն սորվեցընելու իրենց զաւակներուն եւ զանոնք դէպի հայ կեանք, դէպի հայութի՛ւն առաջնորդելու։

_ Վերջապէս, մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մանաւանդ հայօրէ՛ն ապրելու յանձնառութիւնը կատարած մեր երիտասարդներուն, անմահանուն Խաչատուր Աբովեանի բառերով ըսելով՝Ձեզ եմ ասում, ձեզ՝ հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւին մատաղ լինեմ, տասը լեզու սովորեցէք, բայց ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայի՛մ պահեցէք։

Հայրական սիրով,

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾ
Ի ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Յունուար 2007

Close Menu

Categories