
Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանի աւարտական դասարանի եւ 8-րդ կարգի աշակերտներուն, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Լենա Կարապետեանի, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներու:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյն տուին եւ աշակերտական սրտի խօսք արտասանեցին երկու աշակերտուհիներ, աշակերտ մը հայոց լեզուի մասին ընթերցում կատարեց, իսկ 8-րդ կարգի աշակերտներու խումբը արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն:
Այնուհետեւ Տիկին Կարապետեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բացատրեց, որ աշակերտները երեք հարցում պատրաստած են, կ՛ակնկալեն, որ Սրբազան Հայրը սպառիչ կերպով պատասխանէ անոնց:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս հանգամանօրէն անդրադարձաւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին ինքնութեան եւ զայն բնորոշող յատկանիշներուն՝ հող, ժառանգութիւն, աւանդութիւն, լեզու, մշակոյթ, գոյատեւում, անցեալ, ներկայ, ապագայ, հայապահպանում, այլեւ հայ դպրոցին ու համայնքին դերը՝ նոր սերունդներու կազմաւորման ու ազգային դաստիարակութեան մէջ:
Հաճելին ու օգտաշատը միախառնած՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս անմիջական շրջապատէն ու առօրեայ կեանքէն վերցուած օրինակներով (երկիրներու դրօշակները, երաժշտութիւնը, ազգային տարազները, ճաշատեսակը, եւ այլն) համեմեց իր բացատրութիւնները եւ աշխարհի ժողովուրդներու մէջ հայ ժողովուրդի առանձնայատկութիւններուն մասին հարցումներ ուղղելով աշակերտներուն՝ օգնեց, որ իրե՛նք գտնեն ազգային ինքնութեան բաղադրիչ մասերը եւ իբրեւ հայկական վարժարանի նորահաս աշակերտներ՝ մաղթեց, որ գալիք ժամանակներուն անոնք աւելի լաւ հասկնան իրենք զիրենք, մանաւանդ երբ իրենց ուսումնառութիւնը շարունակեն ոչ հայկական բարձրագոյն կրթարաններու մէջ: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտեց, որ բախտաւոր սերունդ են 12-րդ կարգի աշակերտները, որոնք մօտիկ անցեալին զրոյց-հանդիպում ունեցան նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հետ, որ Գալիֆորնիոյ հայութեան շնորհած հայրապետական այցելութեան օրերուն հանդիպեցաւ հայկական դպրոցներու աշակերտութեան հետ, ըսելով, որ՝ «Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու ուսանողութեան հետ հանդիպելու փափաք ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ազգային հպարտութեամբ լեցուեցաւ, որովհետեւ նկատեց, որ առողջ ապագայ ունի այս համայնքը»:
Շարունակելով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ քաջալերեց աշակերտները, որ շարունակեն սիրել իրենց վարժարանն ու շրջապատը եւ պատկանելիութեան զգացումով լեցուին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնուհիին եւ դաստիարակներուն եւ հայրաբար օրհնեց աշակերտները՝ անոնց նուիրելով փայտեայ վզի խաչ եւ թելադրեց տէր կանգնիլ իրենց հայկական ինքնութեան եւ ազգային հպարտութեամբ լեցուիլ, աւելի լաւ ճանչնալով իրենց զիրենք իբրեւ հայ եւ քաջ գիտնալով հայ ժողովուրդի լեզուն, հաւատքը, պատմութիւնն ու մշակոյթը:












