
Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի հովանաւորութեամբ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպութեամբ, Լոս Անճելըսի «Կրիֆիթ փարք» համալիրի բացօթեայ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց՝ «Ընտանեկան ընթրիք, աստղերու ներքեւ» ընկերային բնոյթի զուարճալի երեկոն, որուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տիկիններ Ծովիկ Զէյթլեան, Էլօ Պոյաճեան եւ Տիար Ռոնի Ղարիպեան, Արեւմտեան Թեմի բարերար եւ նուիրատու անհատներ, ընտանեկան պարագաներ եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան հաւատացող հարազատներ ու բարեկամներ, թիւով մօտաւորապէս 120 հոգի:
Մտերմիկ ու աննախընթաց այս երեկոյին բացման խօսքը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ՝ Տիկին Մարալ Գլըճեան: Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց սեղանները, իսկ ներկաները համտես ըրին համադամ խորտիկները, ապա բծախնդրօրէն ու ճաշակով կազմակերպուած երեկոն գնահատեցին ուրախութեամբ եւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով:
Աստղազարդ, մեղմիկ ու ծաղկաւէտ երեկոն աւելի եւս ճոխացուցին ու անմոռանալի դարձուցին երեք երաժիշտներ՝ ջութակահար Շանթ Դանիէլեան, քանոնահար Ալիսիա Քէօշկէրեան եւ օրուան անակընկալը՝ պուզուքիսթ Յակոբ Մարգարեան, որոնք հայ եւ օտար պարեղանակներով խանդավառեցին ներկաները, բոլորին «մոռցնել տալով աշխատանքային օրուան հեւքն ու ամբողջ շաբթուան յոգնածութիւնը», այնպէս ինչպէս իր սրտի խօսքին մէջ նշեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս, միաժամանակ դիտել տալով, որ ուրախ երեկոյի հասոյթը Տիկնանց Օժանդակ մարմինը պիտի յատկացնէ Ազգ. Առաջնորդարանի կիրակնօրեայ հեռատեսիլային ծրագիրի ու սարքերու թարմացման եւ բարելաւման նպատակին:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքներուն Տիկնանց Օժանդակ մարմինի գործօն եւ աշխոյժ մասնակցութեան կարեւորութեան մասին, ապա գնահատեց Տիկիններուն ցուցաբերած ջանադրութիւնն ու նուիրուածութիւնը՝ տարուան կտրուածքով, Ազգ. Առաջնորդարանի նպատակներու իրագործման համար եւ իր խօսքի աւարտին մեծարեց Արեւմտեան Թեմի բարերարները, ծառայողները, աշխատող ձեռքերը եւ նորոգ թափ ու կորով մաղթեց բոլոր նուիրեալներուն:























