Skip to main content
search
UncategorizedԳլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 60-Ամեակ – Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Եւ Քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին

By October 21, 2026No Comments

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 60-ամեակին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ եւ քարոզեց՝ վեր առնելով Հայ Եկեղեցւոյ ինքնատիպ կողմերը՝ հայ ժողվուրդի հոգեւոր, ազգային եւ բարոյակրթական կեանքէն ներս եւ ազդեցութիւնը՝ իրարայաջորդ սերունդներու գոյութենական պայքարին մէջ, դիտել տալով, որ եկեղեցին շէնք չէ, այլ՝ հայութեան կեանքը հունաւորող առաջնորդ՝ հաւատքի մէջ, յոյսի աղբիւր՝ յուսահատութեան պահերու եւ աստուածային սիրոյ շտեմարան՝ բոլոր անոնց համար, որոնք ամէն բանի մէջ զԱստուած կը փնտռեն եւ Զայն պաշտելու համար եկեղեցի կը յաճախեն, Տիրոջ կամքին համաձայն եւ երկիւղած սրտով:

Ս. Պատարագի ընթացքին, Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը: Սան ֆրանսիսքոյի հաւատացեալ համայնքի կողքին, Լոս Անճելըսէն ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան:

Աւուր պատշաճի քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը եւ խրախուսական խօսքեր շռայլեց համայնքի հոգեւոր եւ ազգային մարմիններուն, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն, Հոգաբարձութեան եւ ենթակայ յանձնախումբերուն, Ազգ. վարժարանի ու մանկապարտէզի տնօրէնութեանց, աշակերտական եւ ծնողական խումբերուն, շրջանի մէջ գործող միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն եւ այս առիթով զարգացման ու բարգաւաճման նոր վաթսունամեակ մաղթեց համայնքի բոլոր զաւակներուն:

Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան հայրը այցելեց եկեղեցւոյ համալիրին մաս կազմող այն բաժինը, որ մօտիկ անցեալին խափանարարական արարքի հետեւանքով հրոյ ճարակ դարձած էր, իսկ ներկայիս կը գտնուի վերանորոգման փուլի մէջ, եւ մօտէն տեղեկացաւ կատարուող աշխատանքի ընթացքին ու մանրամասնութիւններուն մասին:

Close Menu

Categories