Christmas Dinner

«Երախտագիտական շքեղագոյն զգացումներով փառք ու գոհութիւն կը վերառաքենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բոլորիս ընծայեց 2022 թուականը դիմաւորելու շնորհն ու Ս. Ծննդեան աւանդական այս ընթրիքը կազմակերպելու եւ զայն միասնաբար ըմբոշխնելու առիթը, թէեւ մեր աշխարհէն տակաւին չէ անհետացած թագաժահրի վարակը, ոչ ալ Հայաստան հայրենիքի երկնակամարէն՝ գոյութենական պատերազմի վտանգը: Այսուհանդերձ, Աստուծոյ ողորմածութեան ապաւինած, այսօր եւս մենք յոյսով կը նայինք Հայաստան-Արցախին, եւ Ս. Ծննդեան այս մեծ տօնին առիթով յուսադրող ու գօտեպնդող մաղթանքներ կ՛ուղղենք հայրենեաց եզերքի մեր քոյր-եղբայրներուն եւ Սփիւռքի համայն հայութեան, մի՛շտ խնդրելով Ամենակալէն, որ Իր աստուածային լուսավառ հովանին տարածէ հայ ազգի բոլոր հատուածներու կեանքին վրայ»:

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան այս բառերով ողջունեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով «Առաջնորդ Սրբազան Հօր աւանդական ընթրիք»ին ընդառաջած մօտաւորապէս 300 պաշտօնական անձնաւորութիւնները, ազգայինները, բարերարներն ու հիւրերը, որոնք, Հինգշաբթի, 6 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ յիշատակելի պահ մը ապրեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական շունչին ներքոյ՝ Կրօնական Ժողովի ու Ազգային վարչութեան նախաձեռնութիւնը վայելող, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած Ս. Ծննդեան ընթրիքին եւ հաց կիսեցին իրարու հետ, հիւրընկալութեամբ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններու:

Աւանդական ընթրիքին իրարու ետեւէ խօսք առին օրուան հանդիսավար՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկին Վանիա Պապիկեան, մինչ Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ սրահ մուտք գործեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ուղեկցութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանի եւ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասուն:

Թաթախի արարողութենէն եւ սեղանի օրհնութենէն ետք ներկաները տեսերիզով հաղորդ դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ս. Ծննդեան ընթրիքին առիթով Օրհնութեան գօտեպնդող խօսքին եւ ուղենիշ պատգամին, որուն աւարտին Ազգ. վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան:

Ընթրիքի պահուն գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր. Կրէկ Հօշարեան եւ իր նուագախումբը հնչեցուցին հայ եւ օտար երաժշտութեանց պատառիկներ, իսկ Տեարք Պերճ Քիրազեան, Յովհաննէս Պալեան եւ Սուրէն Հազարեան մեկնաբանեցին հոգեւոր եւ ազգային երգեր, դաշնամուրի վրայ ընկերակցութեամբ Տիկին Արմինէ Տէրտէրեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը թաթաւուն էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդով, կառուցուած էր Ազգային Առաջնորդարանի միամեայ գործունէութեան հաշուետուութեան սկզբունքով եւ առլցուն էր յոյսով ու նոր հեռանկարներով: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ բացուող նոր՝ 2022 տարեշրջանը Վեհափառ Հայրապետի կողմէ «Սփիւռքի Տարի» հռչակման կարեւորութեան՝ ընդգծելով, որ Սփիւռքը ոչ սահմանուած երկիր է, ոչ ինքնուրոյն պետութիւն է, ոչ մինուճար լեզու է, ոչ ալ միատարր ժողովուրդ է, այլ՝ Հայաստան հայրենիքէն դուրս, այս երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն վրայ եւ երկիրներուն մէջ ապրող հայերու ամբողջութիւնն է. «Վեհափառ Հայրը այսօրուան Սփիւռքը կը բնորոշէ՝ իբրեւ «աւանդական, սովետական ու հայաստանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ մը», որ «տարբեր մտածողութիւններու հանդիսարան է»: Մեր կարգին, հայ ազգի պատմաքաղաքական հոլովոյթը աչքի առաջ ունենալով, կը հաստատենք, որ երէկ, Հայ Եկեղեցի՛ն էր մեր ազգը առաջնորդող հաստատուն վէմը, յատկապէս պետականութեան բացակայութեան դարերուն ու մանաւանդ Սփիւռքի մէջ: Այսօր եւս, Հայ Եկեղեցին առա՛նցք ու հէ՛նքն է՝ ազգի ցեղային յատկանիշներու, հոգեւոր ու ընկերային առանձնայատկութիւններու, քաղաքական իրաւունքներու եւ մշակութային գանձերու ոչ միայն պաշտպանութեան, այլեւ առաւելագոյնս գնահատման ու ծաղկումին, որուն մէջ իր կարեւոր դերն ու կշիռը ունի նաեւ մեր՝ Արեւմտեան Թեմը», աւելցուց Թորգոմ Եպս. եւ այնուհետեւ ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի միամեայ գործունէութեան հիմնական դաշտերն ու ծրագիրները, ցարդ իրագործուած հանդիսութիւններն ու ձեռնարկները եւ Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգի պայծառացման ի նպաստ նորահաստատ հիմնադրամները:

Շարունակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը աւելցուց. «Հազար փառք Աստուծոյ, որ հակառակ համահայկական, համազգային եւ մեր ազգի կեանքէն ներս առկայ բազմաշերտ տագնապներու, որոնց բարւոք լուծման համար մենք միշտ աղօթեցինք եւ եղանք բծախնդիր՝ որպէս Հովիւ եւ Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի, Ազգային Առաջնորդարանի վերջին տարին յորդուն եղաւ աստուածային բարիքներով եւ մեր ժողովուրդին հաւատքն ու սէրը խորհրդանշող անմնացորդ զօրակցութեամբ: Եթէ միայն մէկ բառ ընտրելու ըլլանք՝ բնորոշելու համար մեր ապրումները ձեզի նկատմամբ, սիրելի ներկաներ, ապա բոլորիդ կ՛ըսենք «շնորհակալութիւն», դիտել տուաւ ան եւ իր խօսքի աւարտին յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց օրուան հիւրընկալ՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան զոյգը:

«Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ը իր պսակումին հասաւ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ «Կիլիկիա» ու «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգներու յոյտնկայս երգեցողութեամբ:

 

Print Friendly, PDF & Email

Latest News

Weekly TV Show

October 23, 2022 October 16, 2022