Greetings to Armenian Teacher

Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, տնօրէնները, Ուսումնական խորհուրդները, դաստիարակները, կրթական մշակներն ու ուսուցիչները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի» եւ իր հռչակագրով կոչ ուղղեց Սփիւռքի համայն հայութեան՝ ինքնարժեւորման ճամբով վերակազմակերպուելու եւ ազգային իտէալները կենսունակութեամբ օժտելու, ի նպաստ հայութեան հզօրացման եւ Հայաստանի յաւերժացման:

Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ հոգեւոր ու ազգային մեր տօները Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարժարաններու վերարժեւորման ու կենսունակութեան պահպանման ամենաբիւրեղ առիթներն են, ուր հայելիի՛ն կու գան մեր կրթական թեւի բոլոր բաղադրիչ տարրերը եւ փորձաքարի կը զարնուին իւրաքանչիւրին ճիգն ու աշխատանքը, պատրաստուածութեան մակարդակն ու որակը: Եւ ի՞նչ են արդեօք մեր տօները, եթէ ոչ մեր ազգի հոգեմտաւոր կերտուածքի իրա՛ւ արժեչափերը: 301-ին՝ քրիստոնէութեան ընդունում՝ իբրեւ լինելիութեան երաշխիք, 405-ին՝ իմացական զարթօնք՝ իբրեւ ինքնուրոյն լեզուի, դպրութեան ու մշակոյթի տէր ազգ ու հայրենիք, ապա, 451-ին՝ բարոյական յաղթանակ՝ շնորհիւ հայ քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութեանց միութեան եւ Վարդաններու խումբի անվեհերութեան: Արժէքներ, որոնց կը ծանօթանայ հայ սերունդի մատղաշ տղան ու աղջիկը գերազանցապէս հայկական վարժարաններու ծրագիրներուն ընդմէջէն եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու անսակարկ շունչին ներքոյ:

Արդարեւ, Ազգային հպարտութեան այս առիթներն են, որ մեր ժողովուրդի կեանքը կը հունաւորեն նաեւ մեր ներկայի՝ «Սփիւռքի Տարուան» մէջ: Սփիւռք, որ թէեւ գործելաձեւի ու մտայնութեանց տարբերութիւններու հանդիսարան է, սակայն ի պատիւ հայկական վարժարաններու, հայ տնօրէնին ու հայ կրթական մշակին հա՛յ է եւ հայութեա՛ն համար է, ազգայի՛ն է եւ հայրենեաց քոյր ու եղբայրներու առա՛ջին զօրակիցն է, ինչպէս նաեւ է՛ անձնուրաց բազում ուսուցիչներու ջանքերով սերունդներ կերտած ոգի՛, ազգային դարբնո՛ց եւ հայ ժողովուրդի վաղը-ն ապահովող ազգի գլխաւոր երաշխիք:

Բի՜ւր պատիւ անցնող, ներկայ եւ ապագայ հայ կրթական բոլոր մշակներուն եւ օրհնաբեր ողջո՜յն հայերէնաւանդ բոլոր ուսուցիչներուն:

Ահա՛ այս ապրումներով հեղ մը եւս կ՛ողջունենք մեր վարժարաններուն հայերէնաւանդ ուսուցիչներդ, նախ յոյժ գնահատելով Ձեր անձնդիր ծառայութիւնը հայ դպրոցի ճամբով դէպի մեր նոր սերունդները, միաժամանակ մաղթելով Ձեզի ուժ եւ կորով, որպէսզի վերանորոգ թափով եւ լուսաւոր տեսիլներով շարունակէք Ձեզի յանձնուած մեծ պարտաւորութիւնը՝ որպէս մշակի, անդադրում կերպով կիրառել՝ մեր աշակերտներու իմացական արտին մէջ սերմանելով հոգիի ու մտքի մարգարիտներ:

Աւելի՛ն. ներկայիս, Հայաստանի եւ Սփիւռքի կեանքէն ներս առկայ բազմամակարդակ տագնապները եւ բազմաշերտ մտահոգութիւնները ցնցում կը յառաջացնեն նաեւ նոր սերունդին մօտ: Այս ծիրէն ներս եւս՝ հայ ուսուցիչին իմաստուն առաջնորդութեամբ կարելի կ՛ըլլայ մեր տղաքն ու աղջիկները ուժեղ պահել իրենց ինքնութեան եւ գիտակից՝ պատկանելիութեան մէջ: Առ այս, Ազգի կեդրոն՝ Ազգային Առաջնորդարանէն անգամ մը եւս կ՛օրհնենք Ձեզ, կը տեսնենք Ձեր նուիրումը եւ կը զօրակցինք Ձեզի, ցանկալով կատարել այն բոլորը, որ հնարաւոր է կոչել ի կեանս:

Այս ծիրէն ներս, պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, անցնող շաբաթներուն հաստատուած հայերէնաւանդ ուսուցիչներու հիմնադրամը Հայ Եկեղեցւոյ յարգանքին ու երախտիքին գործնականացումն է առ հայ ուսուցիչն եւ որ, պարբերաբար եւ ըստ կարելւոյն, զօրակցական առիթ պիտի հանդիսանայ՝ բարոյականի կողքին նաեւ նիւթապէս գնահատելու հայ ուսուցիչին ծառայութիւնը:

Ներկայ հանգրուանին, կրթական ա՛յս տարեշրջանին համար մեր երախտագիտութիւնը կ՛ուզենք շօշափելի դարձնել եւ Ազգ. վարժարաններէ ներս գործող հայերէնաւանդ իւրաքանչիւր ուսուցիչի յատկացնել հազար տոլարի խորհրդանշական նուէր: Բոլորի՛դ վարձքը կատար, սիրելի՛ ուսուցիչներ, շնորհակալ ենք Ձեզի եւ հպարտ ենք Ձեզմով:

Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ուրբաթ, 25 Փետրուար, 2022

Print Friendly, PDF & Email

Latest News

Weekly TV Show

October 23, 2022 October 16, 2022