MC Mrs. Tamar Tufenkjian-Seraydarian’s Remarks

Սրտանց ու ցնծութեամբ կ’ողջունենք բոլորդ այս գեղեցիկ օրուան առիթով:

Հաւաքուած ենք այսօր պատուելու եւ արժանաւորապէս գնահատելու համեստ, խոնարհ, պայծառ, ամուր, ժպտուն, աշխատասէր ու պայքարող տիպար մը՝ Հայ Մայրը: Միաժամանակ արդի հայ մօր առջեւ նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու քաջութիւնը ներշնչելու անոր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը արդարօրէն 2013 տարին նուիրած է Հայ Մօր: Քաջ գիտակցելով հայ ընտանիքի անհրաժեշտութեան ու սփիւռքի մէջ առաւել եւս անոր կանգուն մնալուն հրամայականը, Հայ Մօր դերը աւելի առանցքային տեսնելու կարիքէն մղուած, ամբողջ տարուան մը պատասխանատուութիւնը եւ պատիւը յանձնած է անոր փափուկ, սակայն դիմացկուն ուսերուն:

Մեր Պատմութենէն եկած աւանդ մըն է Հայ Մօր հանդէպ ունեցած մեր ազգային բարձր գիտակցութիւնը:  Արդար գիտակցութիւնը,  որովհետեւ հիմնուած է  առարկայական փաստերու վրայ: Նոյնիքն պատմութիւնը մեզի կտակած է այդ փաստերը եւ իրականութիւնը, երբ տուած է Սօսէ Մայրիկներ, Տայանա Աբգարներ, Զապէլ Եսայեաններ եւ շատեր: Վստահութիւն եւ սէր տածած է հայ մարդը այն անձնուրաց կողակիցին նկատմամբ, որ դարձած է հայ հոգիին քանդակագործը, հայ արուեստին ներշնչման աղբիւրը, հայ մտքին ու արժէքներուն գանձարանը եւ անշուշտ Հայ Տան արթուն պահակը:

Հոգիներ փափկացնող, հերոսներ կերտող, տաղանդներ դարբնող, հորիզոններ պարզող, անսպառ սիրող ու նուիրուող տիպար մը է հայ մայրը. մեզմէ իւրաքանչիւրը զայն վայելելու բախտին արժանացած է, պարզապէս հայ ծնելուն առաւելութեամբ:

Ուրեմն, եկէ՛ք, համեստօրէն հպարտանանք նախ մեր հայ ըլլալուն եւ ապա հայ մայրեր ունենալուն համար:

Մեր օրերուն ժամանակը հասած է նաեւ,  որ արդի կեանքի հեւքին մէջ անգամ, հայ մայրը պահ մը կանգ առնէ իր հիմնական դերը ճշդելու, որպէսզի արդար ժառանգորդը կարենայ մնալ մեր դարաւոր ազգային ըմբռնումներուն, նոր ժամանակներու պարունակին մէջ: Այսօր, շատ աւելին կ’ակնկալուի հայ մօրմէն. եթէ երբեք թոնիրէն խանծած հայ մայրերու սիրասուն ու ժպտուն դէմքերը հայրենիք կերտող զաւակներ ծնան, ապա բարձրագոյն համալսարաններու ճամբաները հարթող, ու վսեմ նպատակներ հետապնդող հայ մօր պարտականութիւնն է, կերտել  այնպիսի սերունդ, որ անպայման իր ազգին ապագան բարձրագոյն ոլորտներու մէջ տեղադրելու տեսլականը ու զայն ի գործ դնելու կամքն ու յարատեւութիւնը պիտի ունենայ:

Արդարեւ, Հայ Մօր գիրկը պիտի մնայ տաքուկ, սակայն միաժամանակ ան պէտք է ըլլայ անաչառ դաստիարակ:  Զաւակներուն, ընտանիքին եւ ազգին ապագան մարգարէացող քաջ հերոս մը՝ որուն հաւատքը եւ յոյսը երբեք պիտի չխամրին: Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ու մինչեւ իսկ անդրշիրիմեան իր  պատգամներով հրաշքներ պիտի գործէ իր շատ սիրած եւ միշտ անոնց հանդէպ հաւատք եւ վստահութիւն տածած զաւակներուն եւ ազգին կեանքերէն ներս:

Սիրոյ ուժին ազնիւ մէկ փաստն է մայր հասկացողութիւնը: Արդեօք որո՞ւն հոգին չի խայտար, երբ մօր մասին կը խօսի: Երբ երեխան իր մայրը տեսնէ, կը սկսի ամբողջ մարմինով ու շարժումներով խանդավառուիլ, ապա նոյն զգացումը կը մնայ ամբողջ կեանքի ընթացքին, միայն դրսեւորման եղանակները փոխուելով:

Մեզմէ ո՞վ չի յիշեր մեծ բանաստեղծ Յ. Շիրազի բանաստեղծութիւնները եւ խօսքերը՝ նուիրուած իր մօրը, եւ այն անվերջ զուգահեռերը, որ մօր ու հայրենիքի միջեւ կատարած է մեծ բանաստեղծը.-

Մօրս սրտի հետ աշխարհն եմ չափել՝
Էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու անգին,
Քանզի աշխարհը՝ ճամբէքս կապել,
Մայրս կամուրջ էր յոյսիս ճամբէքին:

Եւ հիմա քիչ է թէ աչքերս տամ
Թէ սիրտս հանեմ ու տամ մայրիկիս,
Ա՛խ, մայր երգելուց ինչպէ՞ս կշտանամ՝
Մայրս պատկերն է մայր հայրենիքիս:

Ու իսկապէս մեր ամենասուրբ ազգային ակունքներն ու արժէքները մայր որպէս սիրած ու գուրգուրացած ենք անոնց վրայ: Մայրենի կոչած ենք մեր լեզուն, մայր կոչած ենք մեր գետը՝ Արաքսը, Մայր Հայաստան կոչած ենք նաեւ սուրը ձեռքին հայրենիքը արթուն հսկող հայ կնոջ արձանը: Մեր մայր քաղաքին՝ Երեւանի ամենաբարձր պատուանդանին ու դիրքին արժանի գտած ենք Հայ Մայրը:

29 Հոկտեմբեր 2013

Print Friendly, PDF & Email

Latest News

Weekly TV Show

October 23, 2022 October 16, 2022