Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային վարչութիւնը, մեծաւ ուրախութեամբ ու հոգեկան անսահման խնդութեամբ կու գան յայտարարելու, որ Ս.
buy azithromycin online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/azithromycin.html no prescription
Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին կողքը գտնուող հողաշերտը, որ տարածութեամբ աւելի ընդարձակ է քան ներկայ կալուածը, երէկ, Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2022-ին, դարձաւ Ազգային Առաջնորդարանին սեփականութիւնը:
Այս նոր կալուածը յատկապէս պիտի երաշխաւորէ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի եւ անոր ապագայ գործունէութեանց ընդարձակումը՝ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ ընդհանրապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ Ս.
buy bactroban online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/bactroban.html no prescription
Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն համայնքի առաւել ծաղկումին: Առ այս, ուրախ ենք յայտարարելու, որ Ազգ. Առաջնորդարանը, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը, բարերարներ, բարեկամներ եւ ժողովուրդ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն՝ ամէնէն կարճ տեւողութեամբ փակելու համար նոր կալուածի գնման նիւթական մեծ պարտաւորութիւնը:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Ազգ. վարչութեան, Կրօնական ժողովին, Ազգ· վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հովիւին ու Հոգաբարձութեան, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Տնօրէնութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անանուն այն բարերարին, որ ամբողջ ամիսներ այս գործի յաջողութեան համար բոլորանուէր իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ նոր կալուածի գնման յաջողութեան մէջ առիւծի իր բաժինը բերաւ՝ նուիրաբերելով հինգ միլիոն տոլար ($5,000,000):
(Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ)
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ