Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգային Առաջնորդարան Այցելեցին Վերապատուելիներ Սելիմեան Եւ Շահնազարեան

By October 22, 2025No Comments

Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց բարեկամական այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ՝ Վերպ. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ Աւետարանական միութեան ներկայացուցիչ՝ Վերպ. Հենրիկ Շահնազարեանի, որոնց հետ միատեղ զրուցեց հայկական կեանքը յուզող հարցերու մասին:

Հանդիպման ընթացքին Գեղամ Արքեպիսկոպոս նախ շնորհաւորեց Վերպ. Սելիմեանի նոր`Միջազգային Միաբանութեան ընկերակցութեան (Moderator of the International Congregation Fellowship) ատենապետի պաշտօնը եւ լսեց Վերապատուելիին զեկոյցը, սուրիահայութեան ներկայ անմխիթար իրավիճակին մասին:

Այնուհետեւ, Հոգեւոր պետերը ծաւալեցին զրոյց, որուն ընթացքին անդրադարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելեան երկիրներու ներկայ կացութեան եւ հայկական գաղութներու դիմագրաւած ապահովական, տնտեսական, առողջապահական, կրթական ու ընկերային դժնդակ պայմաններուն՝ շեշտելով, որ ներկայիս հալէպահայութիւնը կը դիմագրաւէ գոյատեւման ճգնաժամ եւ մեծապէս կարիքը ունի օգնութեան:

Այս առումով, Վերապատուելի Սելիմեան ընդգծեց կարեւորութիւնը Հալէպի երեք համայնքներու միջեւ ստեղծուած միասնականութեան, «որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ աւելի լաւ տիրութիւն ընել հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ ըստ կարելւոյն առաւելագոյն չափով մեղմացնել անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները», դիտել տուաւ ան:

Յայտնենք, որ Վեր. Սելիմեան շրջանս ժամանած է AMAA-ի հանդիսութեան իբրեւ մասնակից: Հանդիպման աւարտին, Հոգեւոր բարեկամները նաեւ արծարծեցին հայ-քրիստոնեայ մարդը յուզող տարաբոյթ դժուարութիւններ:

Close Menu

Categories