Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգային Թաղում Դպրոցաշէն Բարերար Վահան Շամլեանի

By September 1, 2022May 31st, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ թաղման եկեղեցւոյ կարգը «Կիլիկեան իշխան» ազգային բարերար, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հաւատարիմ զօրակից, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ հարազատ զաւակ, Արեւմտեան Թեմի առաքելութեան հաւատացող եւ հայ դպրոցի ամենաջերմ պաշտպան ու ռահվիրայ եւ գլխաւոր բարերար Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի՝ Տիար Վահան Շամլեանի:

Կամքէ անկախ պատճառներով, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, չկարենալ մասնակցելով մեծ հայուն, թաղման արարողութեան, եկեղեցական ծիսակատարութիւններուն նախագահեց Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, ներկայ եղան Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ վեղարաւոր հայրեր:

Յընթացս յուղարկաւորութեան, ընթերցուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական գիրը, Առաջնորդ Սրբազանին մխիթարական խօսքը եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեանի աւուր պատշաճի խօսքը: Ընթերցուած գիրերու ճամբով Վեհափառ Հայրապետն ու Առաջնորդ Սրբազանները արեւշատ եւ առողջ օրեր մաղթեցին Տիկին Անոյշին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն:

Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը, անդամ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ Տիար Պերճ Աբգարեան, Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանէն յատուկ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ նուիրեալներ, համայնքային ներկայացուցիչներ, հարազատներ եւ ժողովուրդ:

Close Menu

Categories