Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, Ազգ. վարչութիւնն ու Կրօնական ժողովը միշտ հետամուտ են մեր վարժարաններու առաւել ընդարձակման եւ առաւել բարեզարդման: Այս ծիրէն ներս, խորհրդակցութեամբ Խնամակալ մարմինի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեանի ու անդամներու, Վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Վահէ Թաշճեանի ու անդամներու եւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի, վերջերս ձեռք ձգեցինք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կից գտնուող՝ շուրջ 10,550 քռ. ոտք տարածութեամբ կալուած մը, որ պիտի ծառայէ Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի ընդլայնման:
Ծանօթ է, որ տարուէ տարի աշակերտութեան թիւի մեծ յաւելում արձանագրող ու բարգաւաճող այս վարժարանը յոյժ կարիքը ունի ընդարձակման, որպէսզի կարելի ըլլայ տեղ տալ մեծ թիւով նոր աշակերտներու, որոնք վարժարանի սպասման ցանկին վրայ կը մնան երկար ժամանակէ ի վեր:
Եկեղեցւոյ կից կալուածին սեփականատէրը դառնալու այս ընծայուած առիթը չկորսնցնելու նպատակով եւ յատկապէս՝ նշեալ տարածքի ընձեռած յարմարութիւնները նկատի առած, ողջունելի կարեւոր քայլ կը նկատենք այս եւս եւ ուսումնական մեր հաստատութեան պատմութեան մէջ կ՚արձանագրենք իբրեւ կարեւոր իրադարձութիւն:
Յայտնենք, որ սոյն կալուածը վարժարանի կարիքներուն պատշաճեցնելու նպատակով, նաեւ շուտով պիտի մշակուի համապատասխան նախագիծ:
Ազգային վարժարաններու ընդարձակումն ու յաւելեալ հզօրացումը քաղցր առաքելութիւն, հպարտառիթ եւ կարեւորագոյն իրագործումերէն ե՛ն Արեւմտեան Թեմին:
Օ՛ն յառաջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ