
Ճակատագրի եւ ճանաչման ստեղծի´չ,
Շունչի´ մրրիկ, կեդրոնական կարողութիւն,
Սուրբ սեղանիդ սարկաւագն Մեսրոպ`
Իր մշուշապատ մեծ երազին`
Քու ձեռքերէդ յստակութիւ՜ն կ´աղերսէ»…
Սիամանթոն է, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրած իր ներբողին մէջ այսպէս կը դիմէ լոյսի Ստեղծիչին: Հայոց լեզուի գիւտարար եւ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն գիտնական օշականցի մեծն Մեսրոպն ու իր լուսատենչ աշակերտները, այլեւ դարերու վրայ երկարող բազո՜ւմ ստեղծագործ հոգիներ նո՛յն այս լոյսին դիմեցին ընդմիշտ, երբ իրենց շուրջ խաւար էր աշխարհը, ու մտքով մութ էին մարդիկ: Ինչպէս որ Լոյսը անմահ է, այնպէս ալ մաշտոցեան դպրոցի լուսաւոր գործերը անմահ են ու յաւիտենական, եւ մենք, ահա՛ դարեր ետք կ՛ընթանանք պաշտումովը նոյն այն Լոյսին, որուն լուսաւորեալ զաւակներէն մէկն է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը, որ տասնամեակներ ամբողջ իր թեմակալ առաջնորդներով, հոգեւորական ու աշխարհական նուիրեալներով, բարերարներով ու բարեկամներով լուսախանդ ու պայծառ աշխատանք իրագործեց Ամերիկայի Արեւմտեան այս ափին վրայ, վասն ժողովրդեան: Բոլորը միասին՝ հովիւք ու հօտ, ձեռք-ձեռքի տուած կառուցեցին դպրոցներ, եկեղեցիներ, տաճարներ, հայկական միութիւն ու Ազգային Առաջնորդարան, որոնք կը հանդիսանան ճառագայթող աշխատանքի մը երեւելի բաժինը, զոր կատարեցին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը՝ լուսահոգի Տ. Սմբատ Արք. Լափաճեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Գերշ. Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որոնց ծառայական վաստակին առջեւ մենք կը խոնարհինք ու զանոնք կ՛ընդգրկենք մեր առօրեայ աղօթքներուն մէջ: Ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հոգեւորականներ ու ազգային գործիչներ, որոնք իրենց առաւելագոյնը կատարեցին Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս հաւատքը լուսաւոր պահելու եւ մեր դպրանոցները, միութիւններն ու կառոյցները այլապէս ճաճանչող կեդրոններու վերածելու: Այս նոյն հեռանկարով է, որ հետեւելով մեր նախնեաց բարի աշխատանքին ու նուիրումին, մենք ալ, ինչպէս որ յայտարարած էինք մեր առաջնորդական ընտրութենէն անմիջապէս ետք արտասանուած մեր խօսքին մէջ, այսօր կը վերաշեշտենք մեր մտածումները, թէ՝
Ա.- Հայաստանի ու Արցախի համար աշխատիլը մեր սրբազան պարտաւորութիւնն է: Որքան աւելի այսօ՛ր, երբ երբեմնի 300 հազար քառակուսի քիլոմեթր հաշուող Հայաստանը թշնամական սուրերու տակ դարերով այնպէս բզկտուեցաւ, կտոր-կտոր ու արիւնաքամ եղաւ, որ մերօրեայ արցախեան պատերազմը մեր ազգը կանգնեցուց շէյքսփիրեան «լինե՞լ, թէ՞ չլինել» տիեզերական հարցումին դիմաց: Ընդունինք կամ ոչ, այսօր վտանգուած է Հայաստան-Արցախի եւ հայրենական մեր քոյր ու եղբայրներու գոյութիւնը: Յատկապէս ա՛յս ճգնաժամն է, որ մեր ուժերը՝ իբրեւ Եկեղեցի ու գաղութ, հարիւրապատիկ անգամ աւելի՛ կը լարէ դէպի հայրենիքի ու ազգի տառապեալ որդիներու փրկութեան գործին, եւ համաճարակային այս օրերուն մէջ, անոնց դիմագրաւած անչափելի տագնապը գէթ նիւթապէս ու բարոյապէս նուազեցնելու անյետաձգելի պարտականութեան ուղղութեամբ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորիդ՝ ո՜վ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւն, վաստակով ու գործով մեծ թէ փոքր կամաւորական գունդեր, որ մինչեւ այսօր ձեր կարելին ըրիք: Բայց եւ մե՜ծ է կարիքը Հայաստանի եւ Արցախի հայորդիներուն: Նորէ՛ն ու նորէ՛ն մեր օգնութեան ձեռքերը երկարենք մեր ազգի վիրաւոր ու զրկեալ զաւակներուն, որովհետեւ, ինչպէս լուսաւորչաշէն Հայաստանը լոյսի՛ երկիր է, ուրիշ որեւէ բան ըլլալէ առաջ, այնպէս ալ մենք՝ ամենահրաշ Լոյսը ունինք մեր ներսիդին, այն, որ մեր հոգեւոր ու ծառայական կեանքի առաջնորդն է, ու մենք հաւատքով մեր ձեռքերը հոգեւորին ճամբաներով կը կարկառենք դէպի մեր ամենամնայուն սրբութիւնները, երկինքէն մեզի տրուած նշխարները, դէպի հայուն հայրենիք Հայաստանն ու Արցախը:
Բ.- Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընդմէջէն Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայելը մեր գոյութեան պատճառն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սրբազնագոյն Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակը բոլորուեցաւ այս տարի: Հայրապետը կ՛ըսէ. «Յաճախ յիշեցուցած եմ, որ Անթիլիասը իր էութեամբ, գոյութեամբ ու նպատակով ծառայութի՛ւն է: Որեւէ կեդրոն՝ հոգեւոր, մշակութային, մարդասիրական կամ քաղաքական իր արժէքը կը ստանայ` ի խնդիր գերագոյն արժէքներու իր կատարած ծառայութեամբ: Եկեղեցին ծառայական առաքելութիւն է: Մեր Ս. Աթոռը գնահատանքի ու գովասանքի կարիքը չունի: Մեր ծառայութիւնը արեւու լոյսի նման կը ճառագայթէ: Մենք կոչուած ենք Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը միշտ պահել ճառագայթող ներկայութիւն իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ»:
Եկեղեցին Լոյսին ներկայութիւնն է երկրի վրայ, եւ Լոյսը Ի՛նք կը սփռուի մարդոց կեանքէն ներս եկեղեցւոյ ծառայութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որպէս նուիրապետական Աթոռ Հայ Առաքելական Մայր Ս. Եկեղեցւոյ, անցնող բազմաթիւ տասնամեակներուն, հարիւրամեակներուն եւ դարերու ընթացքին որպէս ամենալուսաւոր ներկայութիւն, ընթացք ու գոյութիւն՝ եղաւ մեր ժողովուրդին հետ ու մեր ժողովուրդին համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սոսկական կառոյց մը չէ, այլ՝ մարմին է, շնչո՛ղ մարմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապրող ու աշխատող շարժում մըն է մարդոց կեանքին մէջ, որ, յիրաւի, արդար ձայնն է աստուածային, աստուածաշունչ խօսքերուն եւ ձայնը արդար՝ հայ ժողովուրդի ցեղասպանուած բեկորներուն, որոնք սփռուած են աշխարհի բոլոր կողմերը: Քուն թէ արթուն, ականջալո՛ւր ենք այս արդար ձայնին, զոր մեր ազգի անլռելի զանգակատունէն կ՛արձագանգէ՝ յուշելով մեզի, որ այս Սուրբ Աթոռին ընդմէջէն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ծառայելը մի՛շտ պիտի մնայ գոյութեան պատճառ:
Գ.- Ազգային Առաջնորդարանի ճամբով նոր սերունդներ հայ-քրիստոնեայ կերտելը Մեր առաքելութեան կիզակէտն է: Կերտել կը նշանակէ՝ լուսաւորել, լոյսը բանալ մատղաշ հոգիներուն մէջ, զանոնք շաղել կենարար լոյսով, աստուածսիրութիւն ու բարութիւն սերմանել հայ տղուն ու աղջկան մէջ, որպէսզի շատնայ լոյսը անոնց մէջ եւ անոնք դառնան աստուածճանաչ, մանուկ տարիքէն սկսեալ ճաշակեն Յիսուսը եւ քալեն ու հասակ նետեն լոյսի արահետներուն մէջ՝ իբրեւ հայ-քրիստոնեայ զաւակներ:
Հայ նոր սերունդներու կեանքը այնպէս պէտք է ողողել քրիստոսափայլ լոյսով, որ լոյսը իրեն յատուկ արագութեամբ անցնի միւսի՛ն, հասնի նո՛ր կեանքերու, եւ անընդմիշտ մեծնայ շրջագիծը երկնաշնորհ լոյսին, որ սէր ու համբերութիւն, մեղքէն հեռու մնալու զգուշաւորութիւն է եւ երկայնամտութիւն, այլեւ բարի գործերու քանակի ու որակի բազմապատկութիւնն է հայ-քրիստոնեաներու կեանքէն ներս:
«Ես եմ աշխարհի լոյսը» (Յովհաննէս 8.12), կ՛ըսէ մեր Տէրը: Ա՛յս Լոյսն է, որ շատնալով ու բազմանալով ստուերները կը չքացնէ, խաւարին կը ստիպէ տեղի տալ եւ հոգեւորին յաղթանակը կը հաստատէ նիւթականին վրայ: Յատկապէս ա՛յս իմաստով Ազգային Առաջնորդարանը կը հանդիսանայ մեր հոգեւոր դարբնոցը. անիկա մեր ծառայական կեդրոնն է, մեր ազգին տունն է, մեր ժողովուրդին սեփականութիւնն է: Ահա՛ թէ ինչու, փակ քուէարկութեամբ ու միաձայնութեամբ Առաջնորդ ընտրուելով ազգային երեսփոխաններու քուէներով, մենք ծանրագոյն պարտաւորութիւն վերցուցած ենք մեր ուսերուն վրայ, որպէսզի կարենանք մեր ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար աշխատիլ Ազգային Առաջնորդարանին ընդմէջէն: Պօղոս Առաքեալի բառերով՝ «Երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ՝ Քրիստոս Յիսուսի, որ զօրացուց զիս եւ արժանի համարեց իրեն սպասաւոր կարգելու» (Ա. Տիմոթէոս 1.12):
Մասնաւորաբար մեր ներկայ՝ 21րդ դարուն, բոլորս կը հրաւիրուինք՝ որպէս Արեւմտեան Թեմ, հայ-քրիստոնեայ կերտել մեր երիտասարդ նոր սերունդները, որոնք առաւելագոյն չափով կարիքը ունին մեզմէ իւրաքանչիւրին ուշադրութեան: Հետեւաբար, պատրաստ ըլլանք մատշաղ հայ տղոց ու աղջիկներուն, պատանիներուն ու երիտասարդներուն մէջ վաղուան ամուր ու պիտանի հայ-քրիստոնեայ մարդը միասնաբար կոփելու եւ ձեւաւորելու, զանոնք յօգուտ ազգին, հայրենիքին ու մարդկութեան պատրաստելու, որովհետեւ, ինչպէս կը հաստատէ Ս. Գիրքը՝ «Այն հողը, որ իր վրայ տեղացած անձրեւները կ՛ըմպէ եւ օգտակար բերք կու տայ զինք մշակողներուն՝ Աստուծմէ օրհնութիւն կը ստանայ» (Եբրայեցիս 6.7):
Դ.- Քրիստոսի Աւետարանին քարոզութիւնը մեր երկնատուր նպատակն է: Ամէն բանէ առաջ, հայ հոգեւորականը Աւետարանի՛ քարոզիչ է: Աւետարանը կարդալ, սերտել, քարոզել եւ յատկապէս Զայն ապրիլը, այլ խօսքով՝ Աստուածաշունչ խօսքերը կեանքի՛ վերածելը իւրաքանչիւր հոգեւորականի առաջնագոյն պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը կը մնայ, այնպէս, ինչպէս կը յորդորէ մեզի ընել Պօղոս Առաքեալ՝ Կորնթացիներուն գրած իր Բ. նամակին մէջ, թէ՝ «Մենք մեր անձերը չէ որ կը քարոզենք, այլ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը կը քարոզենք եւ Յիսուսի սիրոյն մենք մեզ ձեր ծառաները դարձուցած ենք: Որովհետեւ Աստուած ինք, որ ըսաւ՝ «Խաւարին մէջ լոյս թող ծագի», ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեցաւ, որպէսզի լուսաւորուինք եւ Աստուծոյ փառքը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ» (Բ. Կորնթացիներուն 4.5-6):
Հաւատքո՛վ ապաւինելով հայ մարդուն կեանքին մէջ աստուածային ուժին ու ներկայութեան, առանց մոռնալու նաեւ, որ իբրեւ մարդ, բոլորին պէս մենք եւս կրնանք տկարութիւններ ունենալ, այսօր, ամենալո՜յս այս պահուն, Աստուծոյ երկիւղալի ներկայութեան առաջ կանգնած, վերանորոգ հաւատքով ու Աստուծմով զօրացած կ՛ուզենք ծառայութիւն բերել մեր ժողովուրդին եւ Յիսուսի լոյսով ամրացած՝ խոնարհ ներկայութիւն մը դառնալ մեր զաւակաց կեանքին մէջ: Քրիստոսավա՜ռ լոյս, որ մեզ պիտի տանի դէպի մեր Ստեղծիչը, մեզի շնորհելով երանական, հրաշալի, մեծ ու սուրբ այն պատեհութիւնը, երբ անմահ Վարուժանին պէս մե՛նք եւս յաղթաբար գոչենք. «Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբիւրը Լոյսին»:
* * *
Լոյս Ճշմարիտ Քրիստոս, Փրկիչ եւ Ազատարար,
Լուասաշէն այս առիթը շա՜տ է յուզիչ ու հոգեցունց, Տէ՜ր, Քու լուսակառ տաճարիդ մէջ կանգնած, այս երիտասարդ տարիքիս շա՜տ եմ յափշտակուած Քու շողշողուն ներկայութեամբ, մարդկային վտիտ երակներուս մէջ Քու զօրութենէդ լուսաւէտ ո՜ւժ կը խնդրեմ, Տէ՜ր, շնորհալիական առաւօտեան լոյսին հետ ամէն օր զի՛ս ալ զօրացուր Քու իմաստութեամբդ, Տէ՜ր: Իմաստութի՜ւն, զոր քեզմէ խնդրեց Սողոմոնը, ա՛յն իմաստութիւնը, որ զինք իմաստնացուց Քու լոյսիդ բիւրեղներով, որովհետեւ իր խնդրանքը հաճոյ եղաւ Քեզի, երբ ինք ոչ թէ հարստութիւն, երկար կեանք, թշնամիներու կործանում կամ իր անձը փառաւորելու, հպարտանալու առիթ խնդրեց Քեզմէ, այլ՝ տղայական իր անաղարտ հոգիով, խոնարհ ու հեզ եւ մանաւանդ շա՛տ երիտասարդ՝ Քեզմէ խնդրեց իմաստուն սի՜րտ, որպէսզի՝ «Բարին ու չարը որոշէ» (Գ. Թագաւորաց 3): Ահա՛ եւ ես՝ խոնարհ ծառադ, Տէ՜ր, կեանքիս ամէնէն լրջագոյն այս վայրկեանին, Քու լուսազարդ տանդ մէջ կանգնած, միայն իմաստութիւն է, որ կ՛ուզեմ Քեզմէ:
Լո՜յս իմաստութիւն, իմաստութի՜ւն լոյս՝ մտքիս, որպէսզի կարողանամ վարչական ու ժողովական կեանքիս մէջ լուսաւոր մտածումներ կիսել, Քեզի ըլլալ հաճելի եւ գործել արդարօրէն,
Լո՜յս իմաստութիւն, իմաստութի՜ւն լոյս՝ հոգիիս, որպէսզի կարողանամ Աստուածաշունչ բառերը քարոզներու եւ պատգամներու ճամբով հասցնել բոլորին, մեր զաւակներուն, եղբայրներուն ու քոյրերուն,
Լո՜յս իմաստութիւն, իմաստութի՜ւն լոյս՝ սրտիս, որպէսզի ըլլամ Ծննդեան Աստղ, Յարութեան Զատիկ եւ կարողանամ հասկնալ բոլոր այն մարդիկը, որոնք կարիքի մը դարմանը գտնելու յոյսով կը դիմեն լոյսի սպասաւորիդ, Քու ծառայիդ, Տէ՜ր, որպէսզի հասնիմ մեր ժողովրդեան կարիքներուն,
Լո՜յս իմաստութիւն, իմաստութի՜ւն լոյս՝ կեանքիս, Տէ՜ր, որպէսզի անվհատ ու քաջապինդ առաջնորդեմ Քու կողմէդ ինծի յանձնուած մեր ամենասիրելի ժողովուրդին թանկագին զաւակները, անխտիր բոլորին բաշխեմ աստուածային լուսախինդ յորդորներ եւ զանոնք ուղղեմ դէպի բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը,
Այլեւ Լո՜յս իմաստութիւն, իմաստութի՜ւն լոյս՝ քայլերուս, գործերուս ու խօսքերուս, Տէ՜ր, որպէսզի կարողանամ միշտ եւ ամենառատ ծառայութիւն բերել մեր Թեմին, ազգին, Քու զաւակներուդ:
* * *
Լուսաճաճանչ ապրումներով ու Քրիստոսաւանդ սիրով կ՛ողջունեմ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը: Նաեւ լուսոյ ջերմութեամբ կ՛ողջունեմ մեր եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերը, տիկնանց միութիւնները, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, պաշտօնէութիւնն ու կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատու մարմիններն ու անձնակազմերը, ծնողական եւ աշակերտական խումբերն ու բոլոր կամաւորները:
Բարձրօրէն կը գնահատեմ եւ սրտագին կ՛ողջունեմ հայկական վարժարաններու կրթական ու ազգային դաստիարակութեան պատկառելի եւ տարաբնոյթ գործունէութիւնները, տնօրէններն ու ուսուցիչները, աշակերտներն ու ծնողները եւ բոլոր այն նուիրեալ հոգիները, որոնք սատար կը հանդիսանան հայ դպրոցի աշխատանքներուն եւ կը նպաստեն մեծ ծրագիրներու իրականացման:
Ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող հայկական բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, քաղաքական, իրաւական, բարեսիրական, ընկերային, մշակութային, առողջապահական եւ մարմնակրթական բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները, գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի խմբագիրները, լրատուական դաշտի բոլոր մշակներն ու աշխատակիցները:
Ջերմ ողջոյններս՝ բարերարներուն ու երեւելիներուն, որոնք մնայուն կերպով սատար կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն:
Եւ վերջապէս, ամենալուսավառ խնդակցութեամբ կ՛ողջունեմ մեր ազգի սիրելի զաւակները՝ վստահեցնելով բոլորը, որ իմ մտքիս, աղօթքիս ու ապրումներուս, կեանքիս ու գործիս մէջ անոնք կեդրոնական եւ մնայուն ներկայութիւն են, միաժամանակ խնդրամատոյց ըլլալով բոլոր-բոլորէն, որ իրենք եւս, իրենց կարգին, զիս ներկայութիւն դարձնեն դէպի երկինք բարձրացող իրենց աղօթքներու լուսաղերս քուլաներուն մէջ:
Թող որ Աստուծոյ երկնային լոյսը մնայուն կերպով պայծառակերպէ բոլորիս կեանքը, Շնորհալի Հայրապետի լուսափառ «Առաւօտ Լուսո»ն ընդմիշտ օրհներգուի հայ-քրիստոնեայ մարդուն բերնով, եւ տիեզերական լուսատու արեւը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ երբեք մայր չմտնէ:
Եւ, վերջապէս, աստուածային լուսեղէն հաւատքով ահա՛ ձեռքերս կը դնեմ ձեր ձեռքերուն մէջ, սիրելի՛ հայ զաւակներ, եկէ՛ք միասնաբար մեր ձեռքերը դնենք ամենալոյս Աստուծոյ Սուրբ ձեռքին մէջ եւ ընթանանք յառա՛ջ:
Ալելուիա, Ալելուիա, Ալելուիա:
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ա.Մ.ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ