Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան, նաեւ իրականացուց մարդասիրական ծրագիրներ, որոնցմէ կը կարեւորուի ընդհանրապէս արցախցի նահատակ ընտանիքներու ցուցաբերած նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը եւ մասնաւորաբար «Գոյ» մարդասիրական հիմնադրամի կաւագործական արուեստանոց-ուսումնարան յաճախող պատանի ու երիտասարդ տարիքի ստեղծագործ խումբ մը արցախցիներու ձեռակերտ «բերք»ը քաջալերելու առաքելութիւնը:
Արդարեւ, Թորգոմ Եպիսկոպոս՝ յանուն Ազգ. վարչութեան, կատարեց ինքնաբուխ, խոնարհ ժեսթ մը եւ ձեռք ձգեց արցախցի շնորհաշատ տղոց ու աղջիկներուն ձեռային բոլոր աշխատանքները, մէկ խօսքով՝ ուսումնարանի խանութին մէջ տեղադրուած կաւեղէն ամբողջ «բերք»ը, որ շուտով կը փոխանցուի Լոս Անճելըս, Ազգ. Առաջնորդարան: