Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոն, ընդառաջելով անոր վարչութեան հրաւէրին։
Ատենապետ Եղբայր Աւօ Քապաքչուզեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, կատարուեցաւ Խաղաղական ժամերգութիւն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց, հիմնուելով 100-րդ Սաղմոսին վրայ. «Աղաղակեցէք առ Տէր ամենայն երկիր»։
Աւարտին, յանուն եղբայրակցութեան յուշապատկեր մը յանձնուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին՝ առ ի խորհրդանիշ սիրոյ ու յարգանքի։