Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանը Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը Նշանակեց Ազգ. Առաջնորդարանի «Նարեկացի» Լսարանի Տեսուչ

By October 14, 2022May 30th, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը նշանակեց տեսուչ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ հաստատուած «Նարեկացի» լսարանին, ուր հայկական վարժարաններու կրօնի ուսուցիչներ, կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներ եւ ուսուցիչներ, եկեղեցւոյ մէջ ծառայող սարկաւագներ եւ դպիրներ առիթ պիտի ունենան եկեղեցական, աստուածաշնչական եւ կրօնի կապուած իրենց գիտութիւնը առաւել եւս զարգացնելու եւ խորացնելու, հետեւելով համապատասխան ծրագիրներու:

Դասընթացքը պիտի իրագործուի երկամեայ դրութեամբ: Աւարտին՝ մասնակցողները պիտի ստանան վկայագրեր:

Դասաւանդութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214), 24 Հոկտեմբեր 2022-էն սկսեալ, ամէն Երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 6:30-էն 8:15, յաջորդական երկու դասապահերով:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել լսարանի տեսուչ Զարեհ Վարդապետին՝ հեռաձայնելով՝ 818-244-2402 թիւին, կամ գրելով ելեկտրոնային rev.zareh@gmail.com հասցէին:

Close Menu

Categories