– Ի ՆՊԱՍՏ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ, ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ($1,000,000)
– 2022-ԻՆ, ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ($1,000,000)՝ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ (ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ)
– ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ
– ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԱՊԱԳԱՅԱՏԵՍԻԼ
– ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ ՇՈՒՐՋ 500 ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ԵՒ ՀՐԱՒԻՐԵԱԼՆԵՐ
Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023, երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան շքեղ սրահին մէջ, նախագահութեամբ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Թեմի Կրօնական ժողովին ու Ազգ. վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը, ներկայութեամբ Ընթրիքի հիւրընկալ բարերար ամոլ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սօնա Թիթիզեանի, շուրջ 500 ազգայիններու, բարերարներու, հրաւիրեալներու, բարեկամներու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Տիկին Վանիա Պապիկեան, ապա, յանուն Ազգային վարչութեան, շնորհակալական խօսքով բեմ բարձրացաւ ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, իսկ երեկոյին հաղորդավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան: Ջութակահարներու քառեակի հնչեցուցած մեղեդիներուն հետ սրահ մուտք գործեցին ներկաները, մինչ երեկոն հոգեւոր եւ ծննդեան երգերով գեղազարդեցին անուանի երգչուհի-երգիչներ՝ Անահիտ Ներսիսեան (սոփրանօ), Վահագն Հովենց (պաս) եւ Պերճ Քիրազեան (թենոր), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի, իսկ Հօշարեան նուագախումբը երեկոն խանդավառեց երաժշտական բարձրորակ նուագներով:
Որքան գեղեցիկ ու ոգեշնչող էր Հոգեւորականաց թափօրի մուտքը սրահ, մոմեր ի ձեռին, երբ ներկաները, իրենց կարգին վառ մոմեր բռնած՝ Քրիստոսի Ծննդեան ուրախ լուրը լսեցին Առաջնորդ Սրբազանին բերնէն, ապա երկիւղածութեամբ աղօթքի կանգնեցան, մինչ Թորգոմ Եպիսկոպոս օրհնեց աւանդական ընթրիքի սեղանները եւ սրտագինս ողջունեց սեղանակիցները:
Կազդուրող, նորոգող ու առաջնորդող էր այս առիթով սփռուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խրախուսիչ տեսերիզը, որուն ընդմէջէն ներկաները հաղորդ դարձան Վեհափառ Հայրապետի իմաստուն յորդորներուն եւ հայրական ցուցմունքներուն՝ Արեւմտեան Թեմի յիսնամեայ յոբելեանին ձօնուած Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքը հասցնելով իր զենիթին:
Իր եզրափակիչ պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «2022 տարեշրջանին, Արեւմտեան Թեմի կեանքը լեցուն եղաւ յաջողութիւններով եւ պերճալոյս յաղթանակներով, որովհետեւ մնայուն կերպով վայելեցինք ամենառատ ներկայութիւնը Երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ: Ե՛ւ մեր դպրոցները՝ Ազգ. վարժարանները, ե՛ւ մեր աղօթքի տուները՝ եկեղեցի ու տաճար, վերանորոգ թափով ու կենսախինդ ցնծութեամբ ապրեցան, ծաւալեցան, շատցան եւ ամէնօրհնաբեր իրողութիւն դարձան մեր ազգի ու գաղութի կեանքէն ներս:
«Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը իր Առաջնորդ Սրբազանով, Ազգ. վարչութեամբ ու Կրօնական ժողովով մնայուն կերպով եղաւ մեր Թեմի բոլոր կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն կողքին, առաջնորդեց, զօրակցեցաւ, ծառայեց անմնացորդ, որպէսզի մեր ծուխերը, վարժարաններն ու հաստատութիւնները մշտածաղկունք գարուն ապրին եւ ամենականաչ ու մշտադալար զգեստներ հագնին, տարուան բոլո՜ր եղանակներուն:
«Այս առիթով, հեղ մը եւս, մե՜ծ գնահատանքով կ՛ողջունենք Ազգ. վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը, մեր Հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինն ու մեր պաշտօնէութեան անձնակազմը, որոնք մնայուն կերպով զօրավիգ կանգնեցան մեզի՝ մեր ձեռքբերումներուն ու յաջողութեանց ճամբուն վրայ:
«Ընդգծումով կը շեշտենք, որ յիսուն տարիներ շարունակ, Արեւմտեան Թեմը անուրանալի ու աներկբայ ծառայութիւն բերաւ ազգին մերոյ, իր գոյութեան գերագոյն իմաստն ու նպատակը ընելով՝ սպասաւորութիւնը: Թեմ մը, որ շինեց ու վերաշինեց, կառուցեց ու վերակառուցեց, քանդակեց ու քանդակեց, կերտեց ու կերտեց՝ հայ Ազգ. վարժարաններու ցանցը եւ մեր եկեղեցիներո՛ւն ցանցը, որոնք ամենապերճախօս վկայութիւնն են մեր Թեմի ինքնակերտ գործունէութեան: Յատկապէս ա՛յս իմաստով՝ մեր Թեմը արժանի՛ է բոլորանուէր յարգանքի եւ ուշադրութեան: Վկայ՝ մեր նախնիներուն կատարած աշխատանքը, մեր օրերու գործունէութեանց դաշտերը եւ յաղթական նոր յիսնամեակ մը թեւակոխելու պատրաստ՝ գալիքի սերմնացաններու եւ նոր սերունդներու՝ ապագայավա՜ռ հորիզոններու ընդառաջ ծաղկելու գիտակից պարտաւորութիւնը:
«Անցնող տարի, 2022-ին, Արեւմտեան Թեմը աւելի քան մէկ միլիոն տոլարի մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալեց՝ ի Մայր Հայաստան, յԱրցախ, ի Լիբանան, ի Սուրիա, զանազան շրջաններու եւ գաղութներու մէջ՝ հաւատալով, որ Եկեղեցին ինքզինք կ՛իրագործէ ինքնամատուցման ընդմէջէն, Քրիստոսի՛ իսկ անուրանալի կերպարին համաձայն: Եւ ինչպէս Ի՛նք՝ մեր Տէրը տուաւ իր Անձէն, Արեւմտեան Թեմն ալ տարի մը ամբողջ տուաւ ի՛ր էութենէն, ի՛ր ուժէն, ի՛ր ժամանակէն, այլեւ իր ոգեղէն ու նիւթակա՛ն գանձարկղէն: Այս բոլորը չէինք կրնար իրականացնել՝ եկեղեցի, դպրոց, հոգեւոր, ազգային, մարդասիրական ծառայութիւններ՝ բազում ու բազմամակարդակ, եթէ չունենայինք լայնասիրտ բարերարներ, եւ եթէ անոնք իրաւունքը չտային մեզի՝ մեր օրերուն մէջ թէ մնայուն կերպով եւ ըստ կարիքի՝ թակելու իրե՛նց դռները: Առ այդ, այս բեմէն պաշտօնապէս մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ձեզի՝ հարազատասի՛րտ բարերարներ, մեզի ընձեռուած այսօրինակ իրաւունքին, իշխանութեան ու քաջութեան համար: Որքա՜ն սրտառուչ հնարաւորութիւն է այս, որ դիմելո՛վ Ձեզի, բախելով Ձե՛ր դռները, մեր ազգի՛ն համար նիւթական զօրակցութիւն խնդրենք Ձեզմէ եւ Ձեր սիրայօժար կամքով ու Ձե՛ր իսկ նուիրումով՝ ձեռք բերենք պատկառելի գումարնե՜ր:
«Արդարեւ, յոյժ ոգեւորուած եւ նոյնքան ալ զգացուած, ահա՛ այսօր, միասնաբար ու բոլորով, նաեւ բացակայ ներկաներու մե՜ծ թիւով, մենք յիսնամեակ մը կը փակենք՝ կենսազուարթ նոր յիսնամեակ մը դիմաւորելու անկեղծագոյն ակնկալութեամբ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ցարդ կատարուած ամբողջին վրայ տակաւին պիտի գան աւելնալու ժամանակի շունչին համապատասխան նորերն ու արդիականութեան կնիքով օծուն աւելի՛ ամբողջ ու մեզ աւելի՛ ամբողջացնող իրագործումներ:
«Անկեղծ ըսած, հիմակուընէ՛ իսկ, մենք անծայրածիր աշխատանքի մը կարելիութիւնը կ՛ընդնշմարենք Արեւմտեան Թեմի հորիզոնին վրայ: Այո՛, սիրելի գործակիցներ ու բարեկամներ, հաւատացէ՛ք, որ գաղութային մեր կեանքին մէջ մեզի կը սպասեն ծառայական նո՜ր հանգրուաններ, եւ մենք, այս պահէն սկսեալ, հրաւիրուած ենք՝ զանոնք փուլ առ փուլ իրականացնելու, մեր բոլորին նուիրական ջանքերու համատեղ ներդաշնակութեամբ: Մենք կը վստահինք Ձեզի այնպէ՛ս, ինչպէս Դո՛ւք, սիրելի՛ ներկաներ, վստահութի՛ւն ցոյց կու տաք Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան ու անոր խոնարհ ներկայացուցիչին՝ Առաջնորդ Սրբազանիս ու մեր երկթեւ իշխանութեան:
«Եւ, վերջապէս, թանկագիններս, ընդունեցէք մեր ջերմ ողջոյնները՝ իբրեւ անձնական գնահատական՝ յատուկ առ յատուկ, ուղղուած՝ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին:
«Թող որ այս նոր տարեշրջանին բոլորով ըլլանք մէ՛կ սիրտ, մէ՛կ հոգի, գործենք ձե՛ռք-ձեռքի՛, ընթանա՛նք խաղաղ, սիրո՜վ պարուրուած: Յառա՜ջ Աստուած»:
Տօնախմբութիւնը պսակուեցաւ Հայրապետական Աթոռոյ մաղթերգ «Կիլիկիա» եւ կաթողիկոսական ձօներգ՝ «Ի Վեհ Բարձանց» խմբերգներով: