Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Մեծ Պահոց արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ինչպէս առաջին, նոյնպէս ալ վերջին արեւագալի արարողութեան, իր կողքին ունենալով Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը եւ եկեղեցւոյ սարկաւագները:
Արեւագալի վերջին արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգ. երեսփոխանները, Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչը, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհին եւ աւարտական դասարանի աշակերտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեպարար պատգամը սկսաւ այսպէս. «Մենք միասնաբար կատարեցինք Մեծ Պահոց շրջանի արեւագալի վերջին ժամերգութիւնը եւ կարդացուած աղօթքներուն ընդմէջէն ու երգուած շարականներուն ճամբով մենք խնդրեցինք Արարիչ Աստուծմէ, որ Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, արեւի պէս ծագեցնէ մեր կեանքին վրայ»՝ նշելով, որ հոգեւոր մեր կեանքը ջերմացնող արեւը Յիսուս Քրիստոս Ինքն է, որուն երկրաւոր կեանքի վերջին՝ Աւագ Շաբաթը շուտով պիտի դիմաւորենք՝ Ծաղկազարդի մեծ տօնէն անմիջապէս ետք:
Թորգոմ Եպս. աշակերտներուն հասկնալի ոճով բացատրեց նաեւ մարդացեալ Աստուածորդիին հետապնդած փրկագործական նպատակը՝ ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր ոք իր մէջ աստուածային մասնիկ մը կը կրէ, որուն ամէնէն ցայտուն դրսեւորումը՝ սիրելու եւ սիրուելու հիմնական պահանջն է մարդ էակին մէջ, պարզապէս անոր համար, որ «Աստուած Սէր է», իսկ այս աշխարհն ու մարդկային կեանքը աստուածային սիրոյն հայելիացումն են: «Աստուծոյ՝ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւն է խաչեալ եւ յարեալ Քրիստոսը, զոր Աստուած երկինքէն երկիր ղրկեց՝ մարդը իր մեղքէն փրկելու եւ զայն աստուածային պատկերին վերադարձնելու համար», շեշտեց ան:
Յայտնենք, որ յետ եկեղեցական արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած «Սիրոյ սեղան»ին, որուն ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Սփիւռքի տարուան» հռչակագիրը ուղենիշ ունենալով, գրող եւ մանկավարժ Գէորգ Պետիկեան ներկայացուց շինիչ դասախօսութիւն մը: