Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Գտնուեցաւ Էլփիտոֆորոս Արք.Ի Ի Պատիւ Ընդունելութեան

By March 29, 2022June 4th, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ներկայ գտնուեցաւ յունաց Երոմինոս Մեթրոփոլիթի կողմէ ի պատիւ Էլփիտոֆորոս Արք.ի կազմակերպուած ընդունելութեան, Փասատինայի յունական Սենթ Էնթընի եկեղեցւոյ մէջ:

Հոգեւոր առաջնորդներ Ա.Մ.Ն. յունաց Արքեպիսկոպոսին հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցան, որուն ընթացքին Թորգոմ Եպս. իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց յոյն հոգեւորականին՝ Լոս Անճելըս ժամանման առիթով, միաժամանակ անոր յիշեցնելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու եւ անոնց եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր գործակցութեան մասին:

Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութեան համար, ապա ակնածանքով արտայայտուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մասին՝ ըսելով, որ մենք Վեհափառը կը ճանչնանք Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի ժողովներուն ճամբով եւ միշտ հմայքով հետեւած ենք անոր ցուցմունքներուն ու թելադրանքներուն, ապա ան Թորգոմ Եպիսկոպոսէն խնդրեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին հասցնել իր յատուկ ողջոյնները:

Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէր Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան:

Close Menu

Categories