Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր օրհնութեամբ եւ տնօրինումով եւ ընդառաջ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի խնդրանքին, շքանշաններ յանձնուեցան հայ համայնքի կրթական եւ ծխական կեանքէն ներս իրենց անսակարկ ծառայութիւնն ու նուիրումը բերած ազգայիններու, այսպէս.
«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան՝ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգ· մանկամսուր-մանկապարտէզի վաստակաւոր վարիչ՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեանի, որ իբրեւ մանկավարժ, մօտաւորապէս երեք տասնամեակ անձնդիր ծառայութիւն բերած է հայ համայնքի կրթական կեանքէն ներս:
«Կիլիկեան Ասպետ» շքանշան՝ Տիար Խաչիկ Երէցեանին, ընդհանրապէս Թեմի եւ մասնաւորաբար Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական վերջին քառասուն տարուան կեանքէն ներս, իր ունեցած ծառայական պատկառելի վաստակին համար:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պարգեւատրեալներուն փոխանցեց իր շնորհաւորանքները՝ կանաչ եւ առողջ օրեր մաղթելով անոնց: