Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Փոխան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ, Նախագահեց Աղէտահար Փասատինա Քաղաքի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին Եւ Սրտակցութիւն Յայտնեց Տեղւոյն Հայ Գաղութի Զաւակներուն

By January 14, 2025January 17th, 2025No Comments

Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, որ ըստ նախօրօք հրապարակուած ծանուցման՝ Ս. Յովհաննու Կարապետ տօնին առիթով պէտք է նախագահէր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութեան, սակայն ան՝ հոգեւոր, ազգային եւ հայրական սրտակցութեան իր ներքին կանչին ականջալուր, փութաց աննախընթաց հրդեհներու զոհ՝ հայահոծ Փասատինա քաղաքի Հայց. Առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ հանդիսապետեց Ս. եւ անմահ Պատարագին, ապա քարոզի ճամբով զօրակցութիւն յայտնեց իր հօտի զաւակներուն, որոնք շաբաթէ մը ի վեր Լոս Անճելըսի մէջ ծայր տուած եւ տակաւին ընդարձակուող աննախընթաց հրդեհներու պատճառով աղէտալի պահեր ապրեցան եւ տակաւին կ՛ապրին՝ հրոյ ճարակ դարձած իրենց բնակարաններուն, գործատեղիներուն, թէ շրջանի մէջ կեանքի ապահովութեան սպառնացող անառողջ օդի եւ նիւթական ծանրակշիռ վնասներու պատճառով:

Օրուան Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզին բնաբանն էր Ղուկաս Աւետարանի 12-րդ գլխուն 32-34 համարները, ուր արձանագրուած են Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքերը. «-Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ արքայութիւնը: Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքները եւ դրամը ողորմութեան յատկացուցէք: Փորձեցէք ձեռք ձգել այնպիսի հարստութիւն մը՝ որ չի մաշիր, գանձ մը՝ որ չի պակսիր եւ զայն երկինքի մէջ դիզեցէք, ուր ո՛չ գողը կրնայ անոր մօտենալ եւ ո՛չ ալ ցեցը կրնայ զայն կրծել: Որովհետեւ ուր որ է ձեր հարստութիւնը՝ հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»: Առ այդ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս բացատրեց ներկաներուն Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն իմաստը նաեւ այսօրուան աղէտի լոյսին տակ եւ յորդորեց բոլորը՝ հոգեւոր, փոխադարձ սիրոյ եւ մարդկայնութեան հիմնարար արժէքներու վրայ կառուցել իրաւ ու մնայուն հարստութիւն եւ տուժածներն ու հոգեկան խռովքի մատնուած տեղւոյն հայ բնակիչները մխիթարելու փորձ կատարեց՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած եւ Երկնային Հօրմէ հայցելով առողջութիւն ու ապահովութիւն, Մեծն Լոս Անճելըսի եւ անոր բնակիչներուն համար:

Յետ արարողութեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս զրուցեց եկեղեցի ապաստանած հայ ընտանիքներու ներկայացուցիչներու եւ անհատներու հետ, տեղեկութիւններ քաղեց անոնց կեցութեան պայմաններուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, ապա եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հետ հանդիպելով՝ տուաւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ, թելադրելով հնարաւորը կատարել, անմիջականը չզլանալ եւ շրջանի հայութեան անվնաս կեցութիւնը նկատել առաջնահերթ:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հօտի զաւակներուն փոխանցեց հայրական օրհնութիւններն ու ներկայ աղէտէն վայրկեան մը առաջ ապահով դուրս գալու իր անկեղծ մաղթանքները:

Close Menu

Categories