Հինգշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2021-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արեւելքի հին ասորական եկեղեցւոյ նորընտիր 122-րդ Պատրիարք, Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ.-ի հետ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, նախ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի, շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը, իր գահակալութեան առիթով, ապա, յանուն Արեւմտեան Թեմի, բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբութեան, իր ծառայական մեծ առաքելութեան մէջ:
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը, որ հովուապետական այցելութեամբ այս օրերուն կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, առաջին հերթին երախտագիտութեամբ արձագանգեց Վեհափառ Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյններուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, իր ազնիւ խօսքերուն համար՝ ըսելով, որ անձնապէս յատուկ սէր ու յարգանք կը տածէ Հայ Եկեղեցւոյ, Հայաստան աշխարհի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Նոյն օրը, երեկոյեան, բարձրաստիճան այլ հոգեւորականներու կողքին, Թորգոմ Եպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ յատուկ աղօթքի մը, Արեւելքի ասորական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Թարզանա, ապա սեղանակից դարձաւ նորընտիր Պատրիարքին ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին: