Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Աշխատանքային Հանդիպում Ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին Հետ

By June 25, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2024-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինին հետ եւ իրազեկ դարձաւ անոր եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծրագիրներու շրջածիրին, յատկապէս՝ կազմին մօտիկ ու հեռաւոր ձեռնարկներու բնոյթին ու անոնց առնչուող մանրամասնութիւններուն:

Կազմի ատենապետուհի՝ Տիկին Վանիա Պապիկեանի բացատրական ելոյթէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օգտաշատ ցուցմունքները փոխանցեց՝ յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի, մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող կամաւոր աշխատանքի ռահվիրայ ազնուափայլ տիկիններուն, որոնք ոչ միայն ամբողջ տարին մեղուաջան կ՛աշխատին ու եկեղեցական, ազգային եւ աւանդական ձեռնարկներ կ՛իրականացնեն, այլեւ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան եւ կը ճոխացնեն իրենց ծրագիրներուն երանգապնակը:

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդհանրապէս դրուատեց հայ մայրերու եւ քոյրերու ծառայական ոգին, ապա մասնաւորաբար շեշտեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ժրաջան անդամներու նուիրական ծառայութիւնը՝ դէպի Հայ Եկեղեցի ու ազգի զաւակներ:

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ Տիկնանց Օժանդակ մարմինը ունեցաւ նաեւ յիշատակի նկար:

Close Menu

Categories