Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2024-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիկին Էլէն Ասատրեանի, որ այս առիթով նորընտիր Առաջնորդին նաեւ ներկայացուց Լոս Անճելըս գաւառի ամենահայաշատ քաղաքի ընդհանուր իրավիճակն ու քաղաքապետական հայանպաստ ծրագիրները:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Տիկին Ասատրեանին եւ վստահեցուց, որ գործակցաբար կարելի է աւելի եւս ամրապնդել հայկական գաղութի քաղաքացիական, ընկերային եւ մարդասիրական օգտաշատ նախաձեռնութիւններն ու աշխատանքները, միշտ ի խնդիր մեր ազգի զաւակներու կենսամակարդակի բարելաւման եւ ազգային ու հայկական կառոյցներու բարգաւաճման: