Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ին, ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մայտա Շահինեանի, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ տեսակցեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին ՀՕՄուհիները ներկայացուցին ընդհանրապէս Հայ Օգնութեան Միութեան եւ մասնաւորապէս իրենց մասնաճիւղի գործունէութեան հիմնական դաշտերը, յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց ՀՕՄի աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց հայ կանանց ողջունելի այս միութեան ազգային, մարդկային եւ համամարդկային ծրագիրներուն: