Չորեքշաբթի, 12 Մայիս 2021ին գումարուած Կրօնական 10-րդ ժողովի ընթացքին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան յառաջացուց Սարկաւագաց համախմբում, որուն պատասխանատու նշանակեց Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը, իսկ յանձնախումբի անդամներ՝ բարեշնորհ սարկաւագներ Ժագ Նալճեանը, Սուրէն Հազարեանը, Երուանդ Քէշիշեանը եւ Թուխման Խաչատուրեանը:
Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021, առաւօտեան ժամը 11-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց պատասխանատու Քահանայ հայրը եւ յանձնախումբի անդամ սարկաւագները, ապա անոնց փոխանցեց իր ցուցմունքները, որպէսզի անհրաժեշտ գործունէութիւնը սկսին ծաւալել Սարկաւագաց համախմբումի ծիրէն ներս:
Այս յանձնախումբին պարտականութիւնն է կազմակերպել Սարկաւագաց եկեղեցական արարողութիւններ, դասախօսական եւ լսարանային շարքեր ու համագումարներ, որոնց ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի մեր ծխական համայնքներէն ներս գործող սարկաւագները առիթ պիտի ունենան քով-քովի գալու, իրարու հետ մօտէն առնչուելու, եղբայրաբար իրենց փորձառութիւնները կիսելու, ինչպէս նաեւ նոր գիտելիքներ եւ ուսուցման արդի հնարքներ ձեռք ձգելու:
Յայտնենք, որ այս համախմբումին մաս կը կազմեն Արեւմտեան Թեմէն ներս գործող բոլոր սարկաւագներն ու ուրարակիրները: