Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութեան

By June 8, 2021June 12th, 2024No Comments

Կիրակի, 6 Յունիս 2021, յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ամավերջի հանդիսութեան եւ իր սրտագին պատգամը փոխանցեց 35 աշակերտ-աշակերտուհիներու, որոնք իրենց վկայականները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Սօսի Շանլեանի ձեռամբ:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Աւետիսեան» սրահին մէջ· ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ դոկտ. Յասմիկ Պարան, Սրբոց Նահատակաց «Մարի Գապայեան» նախակրթարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան, վարժարանի պատասխանատուներ, շրջանի պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, պաշտօնէութիւն, ծնողներ, հարազատներ եւ հիւրեր:

Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները կատարեց շրջանաւարտ Արազ Արապեան, ապա Տ· Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքով բացուած յայտարարուեցաւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որ ընթացք առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետուհի, նոյն օրը հանգուցեալ Լիզա Կապուտեանի յիշատակը: Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով յաջորդաբար՝ ուսուցիչներ Թալին Ճանէցեան եւ Ովսաննա Գալուստեան իրենց գնահատանքի խօսքը յղեցին շրջանաւարտներուն, ապա դոկտ. Յասմիկ Պարան Խնամակալ մարմինի անունով շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ բարի երթ մաղթեց անոնց: Այնուհետեւ աշակերտներ յաջորդաբար հանդէս եկան հրաժեշտի հակիրճ խօսքերով, որմէ ետք վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան իր շնորհաւորանքի խօսքերն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց շրջանաւարտներուն ու բեմ հրաւիրեց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը, որ փոխանցէ իր առաջնորդական պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին յիշեց՝ որպէս Կրօնի ուսուցիչ երկու տարեշրջան (2018-2019 եւ 2019-2020) իր ապրած իւրայատուկ փորձառութիւնը Ազգային Ֆերահեան վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտներուն հետ, ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց շրջանաւարտներու գեղեցիկ եւ ամբողջական ներկա-յութեան ու անոնց արտասանած սրտառուչ խօսքերուն համար, ինչպէս նաեւ՝ շրջանաւարտներու աշխատանքին եւ կրթական մակարդակին մասին՝ տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն կողմէ հնչած վկայութիւններուն եւ գնահատանքի խօսքերուն համար, ընդգծելով, որ «այսօր բոլորս ե՛ւ ուրախ, ե՛ւ հպարտ ենք այս տղոցմով ու աղջիկներով, որոնք տարբեր լոյս եւ ճառագայթ կու տան ա՛յս օրուան՝ իրենց աղուոր ներկայութեամբ, երբ իրենց տարիներու աշխատանքին պտուղը այսօր կը վայելեն՝ ստանալով յատուկ վկայականներ ո՛չ թէ պատահական դպրոցէ մը, այլ՝ հայկական ազգային Սրբոց նահատակաց Ֆերահեան վարժարանէն», նշեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն դիտել տուաւ, որ անոնք էական հարցում մը պէտք է հարցնեն իրենք իրենց, երբ կը մեկնին այս վարժարանէն: Հարցում մը, որմէ կը բխին երեք կէտեր, որոնք պէտք է մնայուն ներկայութիւն դառնան տղոց կեանքին մէջ: «Հարցումը՝ ո՞վ եմ ես: Պատասխանը. առաջին՝ դուք մարդ էք: Բայց միայն մարդ ըլլալը բաւարար չէ, որովհետեւ մարդ ըլլալ կը նշանակէ բան մը աւելի ունենալ միւս բոլոր արարածներէն, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով· Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, ունէր ծրագիր, որ ան գործիք մը դառնայ Իր ձեռքին մէջ: Այսօր 7-8 միլիառ մարդ կ՛ապրի աշխարհի վրայ, բայց ամէն մարդ մարդու պէս չ՛ապրիր իր կեանքը: Դուք ամէն բանէ առաջ կոչուած էք դուք ձեզ ճանչնալու իբրեւ ամբողջական մարդ:

«Երկրորդ՝ դուք սոսկ մարդ չէք, այլեւ հա՛յ մարդ էք: Հայ ծնիլը պատիւ է, բայց հայութեամբ ապրիլը մարտահրաւէր է, որովհետեւ մեր ներկայ դարուն աշխարհի մէջ այնքան տարբեր հոսանքներ, ալիքներ եւ գոյներ կան, որ մեզ կրնան ձուլել իրենց մէջ եւ մեր ազգային ինքնութիւնը ոչնչացնել: Հետեւաբար, թանկագին շրջանաւարտներ, պէտք է ըսել՝ ես մարդ եմ, բայց հա՛յ մարդ եմ եւ հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կրնամ հայութիւնս լուսաւոր ու պայծառ պահել գործիս, համալսարանական կրթութեանս, անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքիս մէջ: Յատկապէս այս օրերուն, երբ հայ ըլլալը աւելի եւս կը դժուարանայ աշխարհի մէջ, երբ Հայաստանը շրջապատուած է թշնամիներով, երբ հայութիւնը տագնապի մէջ է Սփիւռքի մէջ: Սփիւռք, ուր ծնած եւ հասակ առած ենք բոլորս եւ որպէս հայ անհատներ ու հայկական համայնք մեր գտնուած շրջաններուն մէջ դարձած ենք փոքրիկ հայաստաններ, պէտք է հարցադրել, թէ՝ որպէս հա՛յ մարդ, ես ի՞նչ կ՛ընեմ հայութեանս եւ Հայաստանիս համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ շարունակելով իր պատգամը՝ նշեց. «Երրորդ՝ կէտը, որ մնայուն կ՛ամբողջացնէ մեր ինքնութիւնը, քրիստոնեա՛յ հայ մարդ ըլլալն է: Քրիստոնէութիւնը մեր կեանքին ու մեր հայու ինքնութեան մաս կը կազմէ: Քրիստոնէութիւնը եւ մեր ազգին հայկական ինքնութիւնը այնպէս մը միացած են իրարու, որ միասնաբար կը հանդիսանան կիզակէտը մեր ժողովուրդին հայօրէն եւ հպարտօրէն ապրելու ու գոյատեւելու երթին» եւ դառնալով շրջանաւարտներուն, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յորդորեց զանոնք՝ ըսելով.

«Սիրելի աշակերտներ, դուք միայն ֆիզիքապէս պիտի բաժնուիք ձեր սիրելի վարժարանէն, դուք ձեզի հետ պիտի տանիք աւանդ մը, պատիւ մը, հպարտութիւն մը, որ ձեր ինքնութիւնն է: Այն, որ դուք սորվեցաք Ազգային Ֆերահեան վարժարանին մէջ, միշտ յիշելով, որ դուք քրիստոնեայ հայ մարդ էք եւ կոչուած էք ձեր կեանքը արժեւորելու այնպէս, որ ձեր ծնողներն ու շրջապատը, ձեր դպրոցն ու համայնքը հպարտանան ձեզմով եւ ձեր գործերով: Գիտցէք, որ դուք մեր հարստութիւնն էք, որ դուք նաեւ մեր հաւաքական կեանքին մաս կը կազմէք՝ որպէս նոր սերունդի տղաք ու աղջիկներ, որ դուք մեր ազգին ու հայրենիքին կեանքին մէջ հրաւիրուած էք ըլլալու պայծառ ու լուսաւոր ներկայութիւն»:

Հուսկ, աւարտական կարգի աշակերտները հերթով ստացան իրենց վկայականները Սրբազան Հօր եւ տնօրէնուհի Շանլեանի կողմէ, ապա Սրբազան Հօր օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Close Menu

Categories