
Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքին տուած այցելութեան ծիրէն ներս, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, քարոզեց եւ յընթացս արարողութեան, Ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ hովիւը, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան շարքին էին շրջանի Ազգային երեսփոխանները, պատկան մարմինի, յարակից միութեանց եւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզեց՝ բնաբան ունենալով աստուածաշնչեան սուրբ խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ «ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ, ով որ իր անձը կը բարձրացնէ պիտի խոնարհի» եւ պատմեց Յիսուս Քրիստոսի այն առակը, ուր փարիսեցին եւ մաքսաւորը տաճարի մը մէջ աղօթքի կեցած՝ փարիսեցին անդադար ինքզինք կը գովէ, իր արդար մարդու վարքն ու բարքը կը ներկայացնէ Աստուծոյ եւ անդադար կը խօսի ինքնիր մասին, մինչ խոնարհ հոգիով մաքսաւորը Աստուծոյ ողորմածութիւնը կը հայցէր եւ իր գործած մեղքերուն համար թողութիւն կը խնդրէր:
Բացատրելով, որ երկու աղօթքներէն մաքսաւորինը հաճելի թուեցաւ Աստուծոյ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ խոնարհողը բարձրացաւ, իսկ ինքզինք անդադար գովողին աղօթքը չհասաւ երկինք, հաճելի չթուեցաւ Աստուծոյ՝ դիտել տալով, որ թէեւ փարիսեցին ի՛նչ որ իր անձին մասին կ՛ըսէր՝ սխալ չէր, բայց անշուշտ սխալ էին աղօթքի կանգնելու իր հասկացողութիւնն ու մօտեցումը, որոնք սրբագրութեան կը կարօտին, ապա թելադրեց ներկաներուն՝ խոնարհ հոգի ցուցաբերել աղօթելու եւ Աստուծոյ հետ զրուցելու պահուն, որպէսզի Ամենակալ Տէրը ընդունի Իրեն ուղղուած մեր խնդրանքներն ու աղաչանքները:
Յընթացս արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակը, որով ան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքով, Ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք կը շնորհէր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, ապա յատուկ աղօթքներով օրհնեց ծնրադիր Քահանայ հայրն ու անոր ուսերուն դրուած ծաղկաւոր փիլոնը եւ բացատրեց, որ այս արարողութեամբ Տէր Գարեգին Պետուրեան արժանացաւ քահանայական երկրորդ կարգ բարձրանալու պատիւին:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Օրէնճ Քաունթի իր այցելութեան առիթով կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ: Բարի գալուստի եւ շնորհաւորական արտայայտութիւններով ու խօսքերով ջերմացաւ պահը, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ Հովիւ, Հոգաբարձութիւն եւ կամաւոր ծառայողներու ջանքերն ու շրջանի մէջ իրականացուող հոգեւոր, ազգային ու մշակութային գործունէութիւնը, ապա Տէր Գարեգինի ընկերակցութեամբ հատեց այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը ու իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:






































