Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նախագահութեամբ Դոկտ. Սեդա Տատոյեան Դասախօսեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի. Սուրբը Եւ Դիւանագէտը» Նիւթով

By December 2, 2024No Comments

Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին առիթով կազմակերպուած դասախօսական ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, դասախօս՝ բազմաբեղուն մտաւորական Տիկին Դոկտ. Սեդա Տատոյեան: Ձեռնարկին ներկայ եղան Հոգեւոր հայրեր եւ մշակութասէր կոկիկ հանրութիւն մը:

Երեկոն սկիզբ առաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի բացման խօսքը, ուր ան ներկայացուց դասախօսութեան շարժառիթը, Դոկտ. Տատոյեանի կենսագրութիւնն ու գործունէութեան դաշտերը, այլեւ անոր պատմական, քննական ու գիտական աշխատութիւններու եւ հրատարակութեանց ցանկը, ապա հրաւիրեց դասախօսը, որ ներկայացնէ իր տեսակէտը՝ Շնորհալի սուրբին եւ Հայ Եկեղեցւոյ ակնառու դիւանագէտին մասին:

Դոկտ. Տատոյեան համադրելով Շնորհալիի բազմամակարդակ անհատականութիւնն ու ասպարէզը «սուրբի եւ դիւանագէտի» երեւութապէս հակասական տարազումին մէջ, յստակ դարձուց, որ իր նպատակն է ստեղծել լայն եւ քննական հորիզոն մը՝ վերարժեւորելու համար ոչ միայն Շնորհալիի, այլեւ հայ եկեղեցական հաստատութեան պատմական իւրայատուկ դերն ու ասպարէզը, չորրորդ դարէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը:

Ըստ դասախօսին՝ եկեղեցական պատմագրութեան մէջ թէեւ անուղղակի կերպով յիշատակուած են որոշ դրուագներ եւ անձեր, սակայն եկեղեցւոյ իսկական դերին քննական պատմականացումը ցարդ դուրս մնացած է պատմաբաններու ուշադրութենէն, ինչպէս նաեւ անոնց տեսական հասողութենէն, ապա ան այս մասին տուաւ հետաքրքրական բացատրութիւններ՝ մատնանշելով պատմաքաղաքական իրողութիւններ:

Անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ առնչուող ցարդ ստեղծուած գրականութեան, դասախօսը նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած գործերը թիւով շատ չեն եւ ընդարձակ տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր հայ քաղաքական, դիւանագիտական գործունէութեանց եւ փորձառութեանց մասին: «Սա կը նշանակէ, որ այս բնագաւառէն ներս կը դիմագրաւենք պատմական փիլիսոփայութեան եւ համապատասխան մեթոտներու անբաւարարութեան լուրջ հարց», աւելցուց ան:

Դիւանագէտ սուրբին՝ Շնորհալիի ընդմէջէն Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր-դիւանագիտական ասպարէզը առնելով իբրեւ օրինակ, յարացոյց ու նախատիպար, Տատոյեան իր խօսքի աւարտին առաջարկեց նոր մեթոտաբանութեամբ եւ նոր տեսանկիւններու լոյսին տակ վերստին գրել Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջ պատմութիւնը՝ ընդգրկելով հայոց ուղղակի փորձառութիւնը, ապրուածն ու իսկականը բոլոր ժամանակներու եւ տեղերու մէջ, առանց կարծրացած կաղապարումներու եւ կիսա-առասպելական պատումներու:

Շահեկան դասախօսութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով, արժեւորեց Դոկտ. Տատոյեանի գիտական պատրաստուածութիւնն ու արտադրող մտաւորական ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ քննական մօտեցումը՝ հայոց պատմութեան բազմադարեան հոլովոյթին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով Հայրապետներու դերակատարութեան, եւ ի մասնաւորի՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի սուրբին ու դիւանագէտին, որուն դերը մեծ եղաւ 11-12-րդ դարերուն, մանաւանդ հայոց դիմագրաւած քաղաքա-դիւանագիտական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ եւ ըստ ժամանակներու պահանջներուն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդգծեց, որ Շնորհալիի օրինակին պէս, հայոց Հայրապետներուն հիմնական մտահոգութիւնը եղած է ազգի երկճիւղ հատուածները, յատկապէս՝ Արեւմտեանը, պաշտպանել թշնամիներէ եւ անոնց տիրութիւն ընել, մանաւանդ այն դարերուն, երբ Հայաստան երկփեղկուած էր եւ կորսնցուցած՝ իր քաղաքական անկախութիւնն ու պետականութիւնը:

Յայտնենք, որ երեկոն ընդգրկեց նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն առաջին բաժնով հնչեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիի հեղինակութիւնը վայելող «Լոյս», «Անեղանելիդ», «Առաւօտ լուսոյ», շարականները, մեկնաբանութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրապետ՝ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի, դաշնամուրի նուագակցութեամբ՝ Տիկին Մարիա Յովսէփեան-Քէշիշեանի: Երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ կիթառահար Տիար Մկրտիչ Միքայէլեան եւ յաջորդաբար ներկայացուց Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Նոր ծաղիկ», Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր» եւ Նահապետ Ռուսինեանի «Կիլիկիա» նուագները:

Close Menu

Categories