Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հեծաններու Ստորագրութեան Հաւաքին

By February 13, 2024June 18th, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ներկայացուցիչը՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, ներկայ եղաւ Կլենտէյլի մէջ շինարարական փուլի մէջ գտնուող Հայ-Ամերիկեան թանգարանի երկաթեայ հեծաններու (սիւներու) ստորագրութեան ձեռնարկին, որուն ներկայ եղան Հայ յարանուանութեանց Հոգեւոր Առաջնորդներ, քաղաքի ղեկավարներ, պատասխանատու մարմիններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Բացման աղօթքէն ետք Առաջնորդ Սրբազանին անունով աւուր պատշաճի խօսք արտասանեց Հոգշ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, որ ջատագովեց կատարուած աշխատանքը եւ վեր առաւ նման կառոյցի մը գոյութեան կարեւորութիւնը Կլենտէյլի հայահոծ գաղութի կեանքին մէջ:

Close Menu

Categories