Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2020

By April 10, 2020June 3rd, 2024No Comments

ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՆՔ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՂԹԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Հաւատալից յոյսով կը միանամ Ձեզի աղօթելով, որ ինչ ալ ըլլան կեանքի պայմանները, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը մեր սրտերն ու հոգիները պիտի գօտեպնդէ, մեր հաւատքին ու յոյսին մէջ մեզ պիտի զօրացնէ ու վերանորոգէ, յատկապէս «քորոնա» ժահրի պատճառած համաշխարհային տագնապի այս օրերուն։

Այս տարի թէեւ Ս. Յարութեան տօնախմբութիւնը անցեալ տարիներէն տարբեր է, սակայն անոր ճշմարիտ պատգամը կը մնայ նոյնը եւ անփոփոխ։ Ցաւ ի սիրտ, որ հրաշքներու հրաշքը եւ մեր հաւատքի հիմքը հանդիսացող այս տօնը շքեղ արարողութեամբ մեր եկեղեցիներէն ներս համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան պիտի չի կարենանք ցնծութեամբ տօնել։ Անոր փոխարէն սակայն, մեր տուները եկեղեցւոյ վերածած, դարձեալ պիտի կարենանք զիրար շնորհաւորել, Ս. Յարութեան աւետիսը շեփորել եւ գոչել. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։

Աննախընթաց օրեր կ’ապրինք։ Սակայն ընդունինք նաեւ, որ կեանքի եւ այս աշխարհի իրողութիւններէն մին է այս։ Կեանքը աննախատեսելի է եւ յարափոփոխ, որուն կամայ թէ ակամայ պէտք է պատշաճինք։ Միակ մնայունն ու յաւերժականը մեր Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսն է, որ «երէկ եւ այսօր նոյնն է յաւիտեան» (Եբր. 13.8)։ Հետեւաբար, ամէն ժամանակ եւ մասնաւորաբար տագնապալից այս օրերուն, մեր մխիթարութիւնը, մեր զօրութիւնը եւ մեր խաղաղութիւնը փնտռենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին մօտ, որ «կամաւոր մահուամբ մահը զգետնեց եւ անապական Յարութեամբը աշխարհը նորոգեց» (Ճաշու Շարական)։

Սիրելինե՛ր,

Իւրայատուկ այս կացութեան մէջ, բոլորս վախի, սարսափի եւ մնայուն մտահոգութեան մէջ կ’ապրինք, թէ ապագան ի՞նչ վերապահած է մեզի։ Սակայն Քրիստոսի յաղթական Ս. Յարութեան զօրութիւնն ու խոստումը պիտի յաղթեն վախին ու սարսափին եւ Տէրը Ի՛նք մեզի պիտի շնորհէ կատարեալ մխիթարութիւն եւ ոյժ, որոնց բոլորս պէտք ունինք այս դժուար ու փորձալից օրերուն։ Այո՛, մեր Տէրը քաջալերեց մեզ ըսելով.- «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ. 16.33)։ Երբ սրտաբեկ, շփոթ, մտահոգ եւ անորոշ վիճակի մէջ ենք, յիշենք, որ Յարուցեալ Տէրը մեզի հետ է։ Յիշենք նաեւ, որ Ան մեր մէջ ապրող Տէրն է, որ կը բնակի մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ եւ մեզի պէտք եղած ոյժը կը շնորհէ, որպէսզի կարենանք յաղթահարել ամէն տեսակի խոչընդոտ ու մարտահրաւէր։

Արդարեւ, Յիսուս Իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն աներեւակայելի տառապանքներ ապրեցաւ։ Դաւաճանութեամբ ձերբակալուեցաւ, դատուեցաւ, խաչի վրայ չարչարուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ։ Առաքեալները իրենց կարգին սարսափի եւ սրտաբեկութեան էին մատնուած, սակայն երեք օրերու սրտաբեկութիւնն ու յուսալքութիւնը տեղի տուին յորդաբուխ ցնծութեան։ Կասկածի եւ երկմտութեան քօղը պատռեցաւ եւ յաղթանակի շեփորը հնչեց Միաշաբաթի վաղ առաւօտուն, երբ աշխարհի Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը զգետնեց եւ յաւիտենական կեանքի աւետաբեր խոստումը շեփորեց։ Արդարեւ, Յարուցեալ Փրկիչը մեղքի, խաւարի, յուսահատութեան, ատելութեան, խաբեբայութեան, անարդարութեան, չարին եւ մահուան յաղթեց եւ զանոնք փոխարինեց փրկութեան խոստումով, լոյսով, յոյսով, սիրով, խաղաղութեամբ, ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ, բարութեամբ եւ յաւիտենական կեանքով։ Այո՛, Յիսուս յարեաւ ի մեռելոց, որպէսզի մենք եւս Իր օրինակով յարութիւն առնենք։ Ան յաղթեց, որպէսզի մենք ալ յաղթենք։

Այսօ՛ր յուսահատութեան եւ վիշտի մատնուած աշխարհը, բոլոր ժամանակներէ աւելի Ս. Յարութեան անժամանցելի եւ պայծառակերպող պատգամին պէտք ունի։ Ընդունինք նաեւ, որ մեր կեանքի պայմաններն ու պարագաները յաճախ մեզ դժուարութեան կը մատնեն։ Աստուած մեզի չի խոստանար, որ պայքարներ, տագնապներ եւ տառապանքներ պիտի չունենանք, սակայն կը խոստանայ Իր շնորհքը, կարողութինը, զօրութիւնը, քաջութիւնն ու յոյսը, որպէսզի կեանքի մարտահրաւէրներէն վեր սաւառնինք, վերանորոգուինք եւ աւելի բարօր կեանք մը ապրինք, պայմանաւ որ զԻնք ընդունինք մեր սրտերէն ու հոգիներէն ներս։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Ս. Յարութեան ճշմարիտ յաղթանակով սպառազինուած, հաւատքով, յոյսով ու սիրով Ս. Զատկուան ցնծալից եւ սրտալից մեր բարեմաղթութիւնները կը յղենք Ձեզի, աղօթելով, որ Յարուցեալ մեր Փրկիչը պահէ եւ պահպանէ մեզ, որպէսզի այս տագնապը յաղթահարենք եւ բոլորս յաղթանակի առաջնորդէ, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նք քաջալերեց մեզ՝ յաղթելով աշխարհին։

Այս յուսալից զգացումներով, կը շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, աղօթելով եւ յուսալով, որ Յարուցեալ Տէրը փրկէ համայն աշխարհը եւ յատկապէս հայ ազգը սպառազինէ Ս. Յարութեան յաղթական հաւատքով եւ ցնծութեամբ, եւ մենք բոլորս զիրար շնորհաւորենք գոչելով՝

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ Ս. ԶԱՏԻԿ
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ, 2020

Close Menu

Categories