Չորեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը իր եպիսկոպոսական օծման կնքահայր՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեանի:
Էշկիեան զոյգը նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց իր անկեղծ մաղթանքները եւ յականջալուր՝ Սրբազան Հօր նոր ծրագիրներուն եւ ի քաջալերումն անոր երիտասարդական աւիւնով շէնշող աշխատանքներուն, Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեց 15 հազար տոլար: