Չորեքշաբթի, 13 Յունուար 2021ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ հոգեւոր զաւակներէն՝ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններ այցելեցին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ 25 հազար տոլար նուիրեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակի առիթով:
Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Էշկիեան ամոլը, որ մնայուն կերպով սատար կը հանդիսանայ բարի գործոց յաջողութեան: Իր կարգին, Տիար Կարօ Էշկիեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ամբողջանուէր զօրակցութիւնը բերելու Առաջնորդ Սրբազանի բոլոր ծրագիրներուն: