Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մեծ հանդիսութեամբ եւ համերգով արժանավայելօրէն տօնախմբուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 90-ամեակը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց տօնախմբութեան, որուն ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Կեդրոնական եւ Ազգ. Վարչութեան, ծխական շրջաններու, գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց անդամներ, Դպրեվանքի նախկին սաներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ։ Համերգը ներկայացուց հանրածանօթ թենոր եւ Դպրեվանքի շրջանաւարտ՝ Տիար Գէորգ Հաճեան, որ Հայաստանէն հրաւիրուած էր յատուկ այս առիթով։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի բացման խօսքով, որուն յաջորդեցին Տէրունական աղօթքն ու Դպրեվանքի քայլերգը։ Սրբազան Հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Դպրեվանքի պատմականը, թէ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրուան Գահակալին՝ Սահակ Բ. Վշտակիր Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ երկար թափառումներէ ետք վերջնականապէս հանգրուանեց Անթիլիասի ծովափնեայ շրջան, ուր, 1930-ին, հիմը դրուեցաւ ապագայ մարդակերտումի բնօրրանին՝ Դպրեվանքին։ Ան նաեւ նշեց, որ Դպրեվանքը տուած է բազմաթիւ եկեղեցականներ ու մտաւորականներ եւ անոնց ծառայութիւնը ծլարձակուած է, ծաղկազարդուած է ու այսօր ներկայութիւն դարձած է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Ապա, խօսք առաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան՝ «Դպրեվանքը կրթութեան կեդրոն» նիւթով, որ ընդգծեց, թէ Դպրեվանքը արդարօրէն հանդիսացաւ հոգեւոր կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան նուիրական դարբնոցներէն մէկը։ Ան շեշտեց, որ մարդակերտումի եւ հայակերտումի այս մկրտարանէն ու անոր գաղափարի հոգեւոր գուպարէն անցած իւրաքանչիւր դպրեվանեցի, իր էութեան մէջ անթեղուած պահեց, «կրօնի հուրն ու ազգին սէրը», եւ այդ գիտակցութեամբ ծառայեց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան հանդէս եկաւ «Դպրեվանքը ընտանեկան օճախ» խորագրով։ Մէջբերելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսի «Դպրեվանքը բաբախող սիրտն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» խօսքը, ան շեշտադրեց, որ Դպրեվանքը լոկ ուսումնարանէ կամ դպրոցէ անդին եւ վեր մեր բոլորին տունն է եւ վկայեց, որ Դպրեվանեցիք իրենց ծնողական տուները թողած մօտեցան Դպրեվանքին, սիրեցին եւ մեծ ընտանիք մը կազմեցին։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Դպրեվանքը եղաւ այն փայլակի տեսքով հրեշտակը, որ հաւատացեալ հայ ազգին դժուարութիւնները, ցաւերն ու վիշտերը աղօթքով փարատեց։
Հայր Սուրբի խօսքէն ետք, խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, որուն նիւթն էր՝ «Դպրեվանքը աղօթքի տուն»։ Քահանայ Հայրը օրինակներ բերաւ Դպրեվանքեան աղօթական առօրեայ կեանքէն եւ ըսաւ, որ ամէն առաւօտ ժամերգութեան մասնակցելով, բակին մէջ ճեմելով, սեղանատան մէջ ճաշակելով, դասապահերէն առաջ աղօթելով, քնանալէ առաջ «Հրեշտակ Զուարթուն» երգելով եւ այսպէս ամէն առիթի ու ժամանակ յատուկ աղօթքներով, Դպրեվանեցին իր տան մէջ աղօթքը կ’ապրի ու իր կեանքով զայն կը մարմնաւորէ։ Ան ընդգծեց, որ ժողովուրդէն եկած ու ժողովուրդին գացող դպրեվանեցիին համար ամէնէն կարեւորը աղօթքով առաքելութիւնն է, այնպիսի կեանք մը ու ծառայութիւն մը, որ կ’իմաստաւորուի աղօթքով ու իր նպատակը կը դառնայ Աստուծոյ վստահիլ եւ այդ կեանքին հրաւիրել հաւատացեալը։
Այնուհետեւ, Տիար Գէորգ Հաճեան իր դիւթիչ ձայնով հանդէս եկաւ փունջ մը հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգերով, նուագակցութեամբ Տիար Յովսէփ Թորոսեանի, որ մթնոլորտը աւելի եւս ջերմացուց եւ իմաստաւորեց՝ հմայելով ներկաները։
Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց օրհնութեան եւ փակման խօսքը։ Ան նախ գնահատեց օրուան բանախօսները, կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ Տիար Գէորգ Հաճեանն ու Յովսէփ Թորոսեանը եւ ապա յուշեց, որ մեր մէջ երէց սերունդի շրջանաւարտ դպրեվանեցիներ կան, յանձինս Վաչէ (1944-ի Դպրեվանքի սան) եւ Եփրեմ (1955-ի Դպրեվանքի սան) Սրբազաններու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ նախկին դպրեվանեցիներ։ Ան վերյիշելով իր դպրեվանքնան ուսանողութեան օրերը, դիտել տուաւ, որ Դպրեվանքը մեր գարուն տարիքէն սկսեալ մեր սիրտին ու հոգիին մէջ դրոշմեց անխորտակ նկարագիր եւ նուիրումի ոգի։ Ան ո՛չ միայն մեր պապակ հոգիներուն ու միտքերուն մէջ հոգեւոր եւ ազգային լոյս ու սնունդ ջամբեց, այլ մանաւանդ ամրապնդեց մեզ մեր հաւատքի կեանքին մէջ։
Խօսելով Դպրեվանքի առաքելութեան մասին, ան ըսաւ. «Երբեմնի «Արմաշ»ի Դպրեվանքի շառաւիղը հանդիսացող մեր Դպրեվանքը միտքը լուսաւորող ճառագայթ է, հոգին զուարթացնող մեղեդի է եւ սիրտը աշխուժացնող երանգ է։ Դպրեվանքը դարձաւ լուսեղէն այն տաճարը, ուր մեր միտքն ու սիրտը աղբերացան յորդահոս բխումով եւ ազգանուէր ոգիով։ Դպրեվանքը այն օճախն է, որուն կրակը ո՛չ միայն կը ջերմացնէ դպրեվանեցիներու կեանքը, այլեւ կը բոցավառէ հաւատացեալները Քրիստոսի սիրով եւ եկեղեցւոյ ու ազգին նուիրումով։ Դպրեվանքը, հոգեմտաւոր լիցքաւորման այս շտեմարանը, իր սաներուն միջոցաւ կ’ոռոգէ մեր ժողովուրդի անդաստանը՝ հոգեւոր, ազգային, եւ մշակութային կեանքէն ներս»։
Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութեամբ յիշեց բոլոր այն անմահանուն կաթողիկոսները, տեսուչները եւ ուսուցիչները, որոնք դպրեվանեցիներուն իրենց հոգիի, միտքի եւ սիրտի ծովացեալ աղբիւրներէն ջամբած են կեանքի նոր սնունդ։ Ան նաեւ բարձրօրէն դրուատեց Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը, որ անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներուն Դպրեվանքին նիւթաբարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած է, իւրաքանչիւր տարի Հոկտեմբեր ամսուն «Դպրեվանքի օր»ը նշած է, որուն հասոյթը ամբողջապէս տրամադրած է Դպրեվանքին, ինչպէս նաեւ հանդիսաւորապէս կազմակերպած ու տօնախմբած է Դպրեվանքի հիմնադրութեան 75-րդ եւ 80-րդ ամեակները՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Առաջնորդ Սրբազանը բոլորին ուշադրութեան հրաւիրեց վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի պատերմազմական իրավիճակը, որ առաւել պատճառ կու տայ, որ մեր Թեմէն եւս պատանիներ ու երիտասարդներ Դպրեվանք յաճախեն, որպէսզի ուսում ստանալէ ետք, վերադառնան մեր ժողովուդին՝ իրենց ծառայութիւնը բերելով հոգեւոր եւ ազգային բնագաւառներէն ներս։ Իր խօսքը ուղղելով բոլորին՝ թէ՛ դպրեվանեցիներուն եւ դպրեվանասէր հայորդիներուն, կոչ ուղղեց զօրակցիլ Դպրեվանքին եւ զայն առաւել ծաղկեցնելու ուխտով՝ յանձնառու ըլլալ անոր յաջողութեան ու վերելքին։
Տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց Գէորգ Հաճեանի յուշանուէրի յանձնումը։