Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմը Հանդիսաւոր Շուքով Նշեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը – Տօն՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ

By August 18, 2021June 14th, 2024No Comments

Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Աստուածամօր նուիրուած՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, մինչ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի իր քարոզը սկսաւ այսպէս. «Երկնքի թագուհիին՝ Ս. Մարիամ Աստուածամօր երկինք Վերափոխման տօնն է այսօր եւ բոլորս հաւատարիմ՝ Աստուածամօր ունեցած օրհնեալ ներկայութեան մեր կեանքէն ներս, եկած ենք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որպէսզի մեր յարգանքը ցոյց տանք այն կնոջ, որ իր մաքուր ու անբիծ նկարագրին, մտքին, հոգիին ու մարմինին համար՝ որպէս մաքուր անօթ, ընտրուեցաւ Երկնաւոր Արքայէն՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօր կողմէ, եւ Աստուած իր Միածին Որդին՝ Քրիստոսը, աշխարհ ղրկեց Ս. Մարիամին ճամբով», հաստատեց Սրբազան Հայրը՝ շեշտելով, որ «այսօր, մենք բոլորս փրկութիւնը ճաշակած ենք Յիսուս Քրիստոսի թափած արեան շնորհիւ: Մենք բոլորս կը քալենք փրկութեան ճանապարհէն անխտիր, բայց մեզմէ ոմանք իրենց քալուածքին եւ ընթացքին մէջ երբեմն կը տկարանան, կը թուլնան եւ մեղք կը գործեն», ապա հարց տուաւ խուռներամ բազմութեան՝ ըսելով. «Ըսէք ինծի, սիրելի ժողովուրդ, որ ո՞վ է այն մարդը, ամէնէն քրիստոնեա՛յ, ամէնէն հաւատացեալ մարդը, որ փրկութիւնը ճաշակած ըլլալով հանդերձ, մեղքի ճանապարհէն չէ քալած իր կեանքի ընթացքին» եւ աւելցուց. «Մենք՝ որպէս քրիստոնեաներ, Մարիամին նկատմամբ ունինք յատուկ յարգանք, որովհետեւ Մարիամը կը տեսնենք որպէս խիղճը մեր եկեղեցւոյ ու մեր քրիստոնէական հաւատքին», եւ իր խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն վեր առաւ Սրբուհի Մարիամի տեղն ու դերը մեղաւոր մարդկութեան համար Աստուծոյ պատրաստած փրկագործական ծրագրին մէջ՝ հաստատելով, որ ամէն մարդ այսօր աւելի՛ քան երբեք պէտք ունի Ս. Կոյս Մարիամի մայրական գուրգուրանքին, որպէսզի բոլոր մարդերու մեղքերու թողութեան համար Աստուածածին Կոյսը իր զաւկին մօտ անհրաժեշտ բարեխօսութիւնը կատարէ:

Այնուհետեւ, անդրադառնալով եկեղեցւոյ կեանքին մէջ խաղողօրհնէքի արարողութեան կարեւորութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր ոչ թէ սովորական խաղող, այլ՝ օրհնուա՛ծ խաղող տուն տանելու օր է եւ յիշելէ ետք այս մասին աղօթասացի խօսքերը, թէ՝ ան որ ճաշակէ այս խաղողներէն, թող այդ մարդը առողջութիւն գտնէ, ներքին խաղաղութիւն ունենայ եւ զԱստուած տեսնէ իր հոգիին, մտքին ու կեանքին մէջ, զանոնք իբրեւ սրտագին մաղթանք բաշխեց ներկաներուն:

«Աստուածամայրը մեզի գուրգուրանք կը սորվեցնէ, զիրար սիրել եւ իրարու ներել կը սորվեցնէ ու մանաւանդ իրարու համար աղօթել կը սորվեցնէ, եւ այսօր մենք բոլորս ալ աղօթքի կարիք ունինք եւ պիտի աղօթենք իրարու համար. այսօր, մէկս միւսին կեանքին մէջ թերութիւններ ու տկարութիւններ տեսնելէ առաջ, Աստուածամօր խորհուրդին ընդմէջէն կը հրաւիրուինք միմեանց կեանքին մէջ օրհնութիւն մը, լոյս մը տեսնելու», ըսաւ ան եւ յորդորեց բարեպաշտ հաւատացեալները, որ իրենց կողակիցներուն, ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու շրջապատի մարդոց կեանքին մէջ ոչ թէ խոցելին, սրտի մէջ եղած ցաւն ու տառապանքը նկատեն, այլ զօրութիւն մը, յաջողութիւն մը, յոյսի նշոյլ, լոյսի շող կամ երկնային ցօղ մը տեսնելով մխիթարութիւն պարգեւեն մարդոց, յատկապէս այս ծանր օրերուն, երբ ամէն մարդ կարիքը ունի Աստուածամօր օգնութեան, մխիթարութեան եւ երկնային օրհնութիւններու:

Շարունակելով իր պատգամը, Սրբազան Հայրը նաեւ խրախուսեց ներկաները, որ հաւատքո՛վ մօտենան Ս. խորանին եւ թողութիւն խնդրեն իրենց մեղքերուն համար եւ այդպէս հաղորդուին՝ նշելով, որ այսպէս նաեւ մեր կեանքէն կը ջնջուին մեր մեղքերը, մեզ տանջող մտահոգութիւններն ու վախերը, «մեր ներսը հաւատքը շատնալով՝ բարիքը կը շատնայ մեր կեանքին մէջ, իսկ Աստուած նոր դուռ մը կը բանայ մեր բոլորին կեանքին մէջ եւ օրհնութիւններով կը լեցնէ մեր օրերը»:

Ակնարկելով լիբանանահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժնդակ պայմաններուն, Սրբազան Հայրը խնդրեց բոլոր հաւատացեալներէն, որ աղօթեն Լիբանանի եւ իր ժողովուրդին համար եւ յոյս յայտնեց, որ ամէն ոք իր օգնութեան ձեռքը կ՛երկարէ դեղօրայքի, սնունդի, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան եւ տարրական կարիքներու չգոյութեան մէջ իր կեանքը քաշքշող Լիբանանի եղբայրներուն ու քոյրերուն, ապա, խօսքը ուղղելով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ու նուիրեալներուն, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ եկեղեցւոյ կրտսերագոյն հովիւին՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի շնորհեց լանջախաչ կրելու իրաւունք, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի արտօնութեամբ:

Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ նախագահեց Աստուածածնայ վերափոխման տօնին նուիրուած արարողութիւններու եւ ձեռնարկի, որոնք տեղի ունեցան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ. Չորեքշաբթի, 11 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7-ին՝ ծիսական արարողութիւն, Ուրբաթ, 13 Օգոստոս ժամը 7-ին՝ հոգեւոր համերգ, Շաբաթ, 14 Օգոստոս ժամը 7-ին՝ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, Նախատօնակ եւ Աղօրհնէք:

Տօնական այս շաբաթը յատկանշուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու եւ հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ ծառայող դպիրներու ու երաժիշտներու, կամաւոր աշխատողներու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան մը միահամուռ մասնակցութեամբ ու ներկայութեամբ, որով հանդիսաւորապէս ոգեկոչուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամի դէպի երկինք Վերափոխման տօնը եւ արժանի շուքով նշուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Աւելցնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ նոյն օրը հաւատացեալներու կողմէ նետուած դրամական նուէրները ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուին լիբանանահայութեան օժանդակութեան նպատակին՝ իբրեւ լոսանճելըսահայութեան սրտաբուխ եւ գործնական մասնակցութեան մէկ արտայայտութիւն՝ «ձեռքս ձեռքիդ մէջ, լիբանանահայ եղբայր» նշանախօսքին:

Close Menu

Categories