
Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ներկայացուցիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Մոնթեպելլոյի մէջ ներկայ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած կրօնական արարողութեան եւ համայնքապետերու հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին բարձրացուց բարեխօսական աղօթք: Այս առիթով նաեւ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, հայ սկաուտական խումբերու կողմէ:
Ոգեկոչելով սրբադասուած հայ զոհերու 109-րդ տարելիցը, ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին պետական անձնաւորութիւններ եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք շեշտեցին պահանջատիրական մեր Դատինկարեւորութիւնը եւ դատապարտեցին անցեալ դարու ցեղասպան Թուրքիոյեւ ներկայ օրերու արցախասպան Ատրպէյճանի հակահայ ոճիրներն ու մարդկային իրաւունքներու դէմ իրագործուած քաղաքականութիւնը:
Հուսկ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներ, կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու խօսողներ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ: Համահայկական այս ձեռնարկին Ազգային վարչութենէն ներկայ եղան Տիկին Ծովիկ Զէթլեան եւ Տիար Ճէք Հաճինեան:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան մասնակցեցաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապատարանի շէնքի տարածքին մէջ կազմակերպուած ժողովրդային ոգեկոչական հանդիսութեան, ներկայութեամբ Կլենտէյլի քաղաքապետին, խորհուրդի անդամներու եւ հոծ բազմութեան մը: Ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէթլեան: Այս առիթով խօսք առին հայ եւ օտար ղեկավար ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք դատապարտեցին Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ կանխամտածուածու ծրագրուած ոճիր,որուն զոհ գացին հայ ազգի արեւմտահայ հատուածի հայրենի բնօրրանները՝ աւելի քան միլիոն ու կէս իրենց զաւակներով, ունեցուածքային հարստութեամբ, մշակութային, ժողովրդագրական, ընկերային, կրթական եւ առհաւական արժէքներու ի սպառ բնաջնջմամբ: Խօսողները նաեւ դատապարտեցին թուրք-ատրպէյճանական հակահայ ոճրային վերաբերումը Արցախի ու արցախահայութեան:
Յայտնենք, որ 22 Ապրիլ 2024-ին, Գալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի նահանգապետարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ յիշատակին նուիրուած ամէնամեայ ոգեկոչական հանդիսութիւն, որուն ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան՝ իբրեւներկայացուցիչ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին: Այս առիթով ան նաեւ աղօթք բարձրացուց հայ զոհերու անմեռ յիշատակին, իսկ դրօշակի արարողութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան: