Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արցախի Զոհերուն Համար Հոգեհանգստեան եւ Խաղաղութեան Յատուկ Աղօթք՝ Թեմիս Բոլոր Եկեղեցիներէն Ներս

By October 7, 2020June 18th, 2024No Comments

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք՝ Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի ապահովութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման համար. իսկ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի մեր նահատակ հերոսներուն յիշատակին։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ան նախ նշեց, որ արդէն իսկ եօթներորդ օրն է, որ մեր արի զինուորները հաւատքով եւ վճռակամութեամբ կը պաշտպանեն մեր սրբազան հողերը՝ պայքար մղելով այն նոյն թշնամիին դէմ, որ դար մը առաջ Հայոց Ցեղասպանութեամբ փորձեց ոչնչացնել մեզ։ Ահա այդ նոյն թշնամին՝ թուրքն ու ազերին միացած՝ այս անգամ կը փորձեն աւելի ուժգնութեամբ ռմբակոծել մեր հայրենիքը։ Այնուհետեւ, ան իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան առաքելական թուղթէն քաղուած Պօղոս առաքեալի հետեւեալ սրտառուչ խօսքին վրայ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք։ Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք» (Բ. Կր. 13.5)։

«Մենք հպարտ ենք, որ առաջին ազգն ենք, որ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունած ենք։ Դարերու ընթացքին ունեցած ենք լուսաւոր եւ պայծառ օրեր, բայց երբեմն նաեւ թուլացումներ ու տկարութիւններ, սակայն այս բոլորը կու գան մեզ ազդարարելու եւ յիշեցնելու, որպէսզի մենք մեզ քննենք՝ ըսելով, թէ արդեօք Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞նք մեր սրտերուն մէջ, Անոր խօսքերը մեզի համար ճշմարտութի՞ւն են եւ մեր նախահայրերու նոյն հաւատքի ուղիէն կ՛ընթանա՞նք», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Ապա, անդրադառնալով Արցախի սահմանին վրայ տեղի ունեցող թուրք-ազերիական ռազմատենչ ու վայրագ յարձակումներուն, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց. «Պատմութիւնը դարձեալ ինքզինք կը կրկնէ։ Անցնող շաբթուան պատերազմական դէպքերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ ինչպէս հայորդիք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացին, սակայն մեր ժողովուրդը իր հերոսութեամբ եւ յարութեան հաւատքի հաւատարմութեամբ վերականգնեցաւ եւ 1918 թուականին Սարդարապատի ճակատամարտով իր անկախութիւնը կերտեց։ Այսօ՛ր եւս նոր Սարդարապատ մըն է, որ կը մղէ մեր ժողովուրդը, մերօրեայ քաջարի մեր հերոսները նոյն ոգիով ու սխրագործութիւններով, «մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսով խաչի՛ն հաւատարմութեամբ, խաչի՛ հաւատքով ու խաչի զոհողութեան ոգիով պատրաստ են իրենց կեանքը զոհելու յանուն իրենց հաւատքին ու սրբազան հողին»։

«Այժմ հաւաքական քննութեան եւ ինքնաքննութեան պահն է, մենք մեզի հարց տալու, թէ ո՞ւր ենք մենք մեր հաւատքին եւ հայրենասիրութեան մէջ յարաբերաբար մեր հայրերուն։ Հիմա ժամանակն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անմնացորդ բաժինը բերէ՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով մեր հայոց բանակին ու հայրենակիցներուն եւ յայտարարելու, որ որպէս մէ՛կ ազգ, մէ՛կ հաւաքականութիւն եւ մէ՛կ ժողովուրդ մենք իրենց կողքին կանգնած ենք։ Եկէ՛ք, աղօթքենք մեր հերոս նահատակներու հոգիի խաղաղութեան համար։ Աղօթենք, որ Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր ժողովուրդը, զանոնք հաստատ պահէ իրենց հաւատքին մէջ եւ համբերութիւն պարգեւէ։ Պիտի յաղթենք մեր հաւատքով, հայրենասիրութեամբ եւ միասնականութեամբ։ Եկէ՛ք, ի գործ ածենք մեր հաւատքը եւ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի» միջոցով մեր բարոյական եւ նիւթական մասնակցութիւնը բերենք՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի։ Արցախի պաշտպանութիւնը ամբողջ հայ ազգի պաշտպանութի՛ւնն է», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Close Menu

Categories