Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արցախի Համար Աղօթքները Պիտի Շարունակուին՝ Թեմիս Բոլոր Եկեղեցիներէն Ներս

By October 9, 2020June 2nd, 2024No Comments

Արդէն իսկ երկու շաբաթէ ի վեր Արցախի վրայ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած անմարդկային յարձակումները տակաւին կը շարունակուին, սակայն մեր բանակի քաջարի հերոսները բուռն հաւատքով եւ ամենայն խիզախութեամբ կը պաշտպանեն մեր պապենական սուրբ հողերը, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհելով։ Դժբախտաբար ունեցանք նահատակներ եւ անմեղ քաղաքացիներ զոհուեցան։ Ունեցանք ռազմական, պետական կառոյցներու ու մշակութային կեդրոններու կորուստներ։ Ռմբակոծուեցաւ Արծուեբոյն Շուշիի սիրտն ու հոգին համարուող Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին. իսկ մեր արիասիրտ քոյրերն ու եղբայրները անվարանօրէն կը շարունակեն մաքառիլ՝ ապաւինելով Տիրոջ ողորմութեան ու պաշտպանութեան։

Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, նախորդ երկու շաբաթներուն, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ յատուկ հոգեհանգիստ ու աղօթք կատարուեցաւ։ Այս շաբաթ եւս, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Արցախի մեր նահատակ հերոսներուն եւ զոհուած քաղաքացիներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք՝ Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի ապահովութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման համար։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Close Menu

Categories