«ԱՅՍ ՀԱՄԵՐԳԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆՔ ՎԱՍՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ»
ԸՍԱՒ ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տօնախմբութիւն էր Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուր, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, տեղի ունեցաւ Գոհաբանական եւ Ս. Ծննդեան Հոգեւոր համերգ, կատարողութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ դպրապետ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի:
Ս. Ծննդեան համերգին խիտ շարքերով ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, Հոգաբարձական կազմը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ դպրաց դասի անդամներու անմիջական հարազատներն ու մշակութասէր հայորդիներ:
Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհյ. Պալթայեան, ապա սկիզբ առաւ բազմերանգ, բազմալեզու եւ բազմախորհուրդ համերգը, որուն ընթացքին ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին Մովսէս Խորենացիի (ջութակի վրայ նուագ՝ Գօգօ Օհանեանի), Մակար Եկմալեանի, Շահան Պէրպէրեանի, Արտաշէս Յարութիւնեանի, Կոմիտաս Վարդապետի, Ալեքսան Մնակեանի, Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, Խորէն Մեխանաճեանի, Սեպուհ Յովակիմեանի, ինչպէս նաեւ արաբ (Ժոզէֆ Ֆախուրի) եւ եւրոպացի նշանաւոր երաժիշտներու (Անթոնիօ Վիւալտի, Ֆրանց Կրուպեր) եկեղեցական, տօնական եւ ազգային գործերէն քաղուած փունջ մը երգեր, զորս ինքզինք գերազանցելով մեկնաբանեց նոյնանուն եկեղեցւոյ դպրաց դասը՝ քառաձայն երգեցողութեամբ, մերթ ընդ մերթ նաեւ անհատ կատարողներու եւ զուգերգի ձայնային նոր գեղեցկութիւններով լեցնելով եկեղեցին:
Տօնական մթնոլորտով պարուրուած եկեղեցւոյ դահլիճը ցնծաց մանաւանդ, երբ փոքրիկներ միացան երգչախումբին ու երգեցին Կոմիտաս Վարդապետի «Մանուկներու Հայր Մեր»ը, «Միացէք Հայեր» հայրենասիրական երգն ու Վարուժան Արք. Հերկելեանի բառերով Մնակեանի յօրինած «Սուրբ Ծնունդը», իր զենիթին հասցնելով ներկաներուն խանդավառութիւնը: Երգերու ընտրութիւնն ու խնամուած աշխատանքը, այլեւ դպրաց դասի իւրաքանչիւր անդամի բծախնդիր մօտեցումը այնքան տեսանելի էին, որ համերգը իրաւամբ վերածուեցաւ տօնախմբութեան, յատկապէս երբ վերջին՝ «Ձօն Թորգոմ Սրբազանին» երգով պանծացուեցաւ առաջնորդական ասան ստանձնած Սրբազան Հայրը, դպրապետ Քէշիշեանի հեղինակութեամբ ակրոստիկոս ոճով գրուած բառերու երգի մատուցմամբ, որ արժանացաւ ներկաներու յոտնկայս եւ երկար ծափողջոյններուն:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը, առաջին հերթին բարձր գնահատելով եկեղեցւոյ Հովիւին, դպրաց դասի իւրաքանչիւր անդամի, ղեկավար դպրապետին, Հոգաբարձութեան, շրջանի նուիրեալներուն, բարերարներուն ու մանաւանդ մասնակից փոքրիկներուն ցուցաբերած ճիգն ու արդիւնաւէտ աշխատանքը եւ խուռներամ շարքերով ներկայութիւնը ժողովուրդին: Ապա, Սրբազան Հայրը իր խօսքին ընդմէջէն որքան ինքնաբուխ, այնքան գիտակից առաջարկով մը հրաւիրեց դահլիճը ձայնակցելու իր խռովայոյզ մտածումին՝ համերգը նուիրելու Ատրպէյճանի բանտերը գտնուող հայ գերիներուն, առ ի հոգեւոր զօրակցութիւն թշնամի ճաղերու ետին եւ ընդհանրապէս գերութեան մէջ տուայտող հայ մատղաշ զինուորներու ու կամաւորներու: Դահլիճը անակնկալի եկած՝ խորունկ հառաչեց, ապա, թաց աչքերով, ծափահարութեամբ արձագանգեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ազգայնացունց առաջարկին: Ապա, Հովիւ ու հօտ միասնաբար մաղթեցին, որ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողմէ մինչեւ հեռաւոր Կովկաս հաւատքով նետուած աղօթական այս ոգեղէն կամուրջները ծառայեն՝ իբրեւ հայ գերիներու տունդարձի ճամբայ, շուտափոյթ, առողջ ու ամբողջ:
«Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան իրենց տուները՝ հետերնին տանելով համերգին առթած զգացական թրթիռները, հոգիներուն մէջ՝ «ազատութիւն եղբարց մերոց, գերելոց» աղօթքը: