Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Գոյժ

By March 11, 2022June 1st, 2024No Comments

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ· Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն՝ Կլենտէյլի Ս· Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարուհի Հիլտա Տէր Մինասեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 5 Մարտ 2022-ին։ Հանգուցեալը, ի յիշատակ իր վաղամեռիկ զաւկին՝ Արթիւրի, ապա ամուսնոյն՝ Վազգէնի, իշխանական նուիրատուութեամբ մը ստանձնած էր Կլենտէյլի Ս· Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադ-րութեան հովանաւորութիւնը։

Իր եկեղեցաշէն ու ազգանուէր բարեգործութեանց համար, 10 Յուլիս 1988-ին, հանգուցեալը արժանացած է Կիլիկեան Իշխան շքանշանին, ձեռամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Գարեգին Բ· Վեհափառ Հայրապետին;

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւկին՝ Արային, դստեր՝ Մարլէնին, թոռան՝ Տէր եւ Տիկին Թինա եւ Ֆրետրիք Իզրայէլեանի, ծոռներուն՝ Էյվընի եւ Տիլընի, ինչպէս նաեւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Close Menu

Categories