
Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2025-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հայաստանէն ժամանած Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Ամերիկեան համալսարանի դասախօս, պատմաբան եւ արեւելագէտ՝ Դոկտ․ Վարուժան Գեղամեանը։ Ան հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս Առաջնորդ` Գերշ․ Տ․ Գեղամ Արք․ Խաչերեանի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան։
Դոկտ․ Գեղամեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց վերջերս տպագրուած «Թուրքիայի Պատմություն, Հայուրամեա Հանրապետության Քաղաքական Ուրվագծերը 1923-2023 թթ․» ուսումնասիրական ու պատմագիտական հատորը, որուն հեղինակներէն մէկն է նաեւ ինք՝ Դոկտ․ Գեղամեան։
Ան սոյն հատորին եւ «Հայաստանը Նոր Աշխարհում. Ի՞նչ է մեզ սպասվում» թեմայով դասախօսութիւն մը ներկայացուց Օրէնճ Քաունթիի Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահէն ներս, Կիրակի 9 Մարտ 2025-ին, կազմակերպութեամբ Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքին, որ նաեւ աջակցած էր սոյն հատորի հրատարակութեան։
Դոկտ․ Գեղամեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին այս հանդիպման համար, որ նաեւ եղաւ առիթ մը մտածումներ փոխանակելու եւ Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ մտահոգութիւններ բաժնեկցելու։ Դոկտ․ Գեղամեան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Հայ Սփիւռքը մեծ եւ գլխաւոր դերակատարութիւն ունին Հայ պետականութեան պահպանման ու համահայկական իղձերու ու ծրագիրներու իրագործման աշխատանքին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Դոկտ․ Գեղամեանի նուիրեալ ու մասնագիտական աշխատանքը եւ մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն իր հետազօտական, ուսումնասիրական ու պատմագիտական աշխատնքներուն։