Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Դպրաց Ձեռնադրութիւն Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

By April 20, 2021June 11th, 2024No Comments

Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021ի առաւօտեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եւ կատարեց դպրաց ձեռնադրութիւն, խարտաուիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի: Երկնային օրհնութեամբ լի դպրաց ձեռնադրութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի աղօթքներով, սաղմոսներու փոխասացութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճանները (դռնապանութիւն, ընթերցողութիւն, երդմնեցուցչութիւն եւ ջահընկալութիւն) շնորհուեցան Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հինգ ծառայողներու՝ Յովհաննէս Պալեանի, Տիգրան Մակարեանի, Ալպերթ Յունանեանի, Նորայր Թորչեանի եւ Աւօ Առաքելեանի, որոնք անցնող աւելի քան չորս տարիներուն պարտաճանաչ ներկայութիւն դարձած էին եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս:

Յետ ձեռնադրութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատգամեց՝ բնաբան ընդունելով Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է» (Ղուկաս 16.10): Յատկապէս շեշտելով Աստուծոյ տաճարին նկատմամբ հաւատարմութեան կարեւորութիւնը, Պատգամաբեր Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ծառայութիւն բերելու համար, այսօր դպրութեան ծառայական աստիճան ու ծառայական պատիւ շնորհեցինք հինգ նուիրեալներու, որոնց մազերը քիչ առաջ խաչաձեւ կտրեցինք, որպէս խորհրդանիշ այն ուխտին, զոր անոնք այսօր յաչս Աստուծոյ եւ յաչս եկեղեցւոյ կատարեցին: Յուդան հաւատարիմ չեղաւ Յիսուսի, 30 արծաթով ծախեց իր հաւատարմութիւնը, բայց մենք կը հրաւիրուինք հաւատարիմ մնալու Յիսուսի, ինչ առաջարկներ ալ ներկայացուին մեզի, օրինակ՝ դրամ, պաշտօն կամ կարգ, կոչուած ենք չդաւաճանելու մեր հաւատարմութեան: Հաւատարմութիւն, որ մենք ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր նախ պէտք է ունենանք մեր Արարիչ Աստուծոյ նկատմամբ, որովհետեւ Աստուած Ի՛նք հաւատարիմ է, կապուած է մեզի, մեր Տէրն է, մեր Հայրն է, մեզ Առաջնորդողն է եւ երբեք չի դաւաճաներ մեզի, այլ մենք ենք, որ երբեմն, որպէս մարդիկ, կը մոռնանք մեր Տէրը եւ մեզի համար ուրիշ աստուածներ կը շինենք՝ փոխանակ մեր կենդանի, Ամենակալ Աստուածը պաշտելու եւ յաճախ դրամն է, որ կը պաշտենք, մեր պաշտօնն է, որ կը պաշտենք, շէ՛նքն է, որ կը պաշտենք՝ փոխանակ Ստեղծիչը պաշտելու»: Բացատրելէ ետք դպիրներու ստանձնած չորս պարտաւորութիւնները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իբրեւ օրինակ մէջբերեց նաեւ անգլիացի բանաստեղծ Քիփլինկի «Մարդ» սահմանումը եւ յորդորեց դպիրները քիփլինկեան մարդուն պէս անվհատ շարունակելու իրենց ուխտը՝ հաւատարիմ մնալով իրենց անձին՝ մարդկային ինքնութեան, ընկերներուն, ընտանիքին, հաւաքական կեանքին, ազգին ու եկեղեցիին, որովհետեւ «հաւատարմութեան մէջ սէրը կը շատնայ եւ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ»:

Եզրափակելով՝ պատգամաբեր Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօր, այս տղաքը մեր Տէր Յիսուս Փրկիչին կը կապուին չքակուող հաւատարմութեամբ մը. անոնք այս տաճարին մէջ կ՛ուխտեն կապուած մնալ մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն, մեր Փրկիչին, մեր կեանքին ու կառչած մնալ ծառայական այն ուղիին, զոր Յիսուս Քրիստոս բացած է մեր առջեւ», ապա ուխտեալ հինգ երիտասարդները խրատեց՝ միշտ սիրով ու բծախնդրութեամբ վարուելու, շրջապատի մարդոց գուրգուրանք բաշխելու եւ մանաւանդ ժպիտով ու ուրախութեամբ եկեղեցի գալու, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Դաւիթ թագաւոր իր ստեղծագործութեան մէջ կը յիշէ, թէ ինչպիսի ուրախութեամբ կը լեցուի ամէն անգամ, երբ Տիրոջ Տան դուռը կ՛երթայ:

Close Menu

Categories