«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած վտանգին դիմաց, Վեհափառ Հայրապետներուն տնօրինումին համաձայն եւ հետեւելով պետական ուղեգիծերուն, Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկուան արարողութիւնները եւս պիտի կատարուին դռնփակ՝ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու,բոլոր արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, եւ ուղղակի պիտի սփռուին Ազգ. Առաջնորդարանի Դիմատետրի (Facebook) պաշտօնական էջէն հետեւեալ ժամանակացոյցով.-
● 9 Ապրիլ, Աւագ Հինգշաբթի
Յիշատակ ընթրեաց Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի
Ս. Պատարագ, կ.ա. 11։00
Պատարագիչ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, հոգեւոր հովիւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ
● Ոտնլուայի յիշատակութեան արարողութիւն, կ.ե. 4։30
Քարոզիչ՝ Առաջնորդ Սրբազան
● Խաւարման գիշեր՝ յիշատակ չարչարանաց, երեկոյեան 7։00
Քարոզիչ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդական փոխանորդ
● 10 Ապրիլ, Աւագ Ուրբաթ
Կարգ թաղման, երեկոյեան 7։00
Քարոզիչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր տեսուչ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի
● 11 Ապրիլ, Աւագ Շաբաթ
Ճրագալոյց
Ս. Պատարագ , կ.ե. 4։30
Պատարագիչ եւ քարոզիչ՝ Առաջնորդական փոխանորդ
● 12 Ապրիլ, Ս. Զատիկ
Յարութեան Ս. Պատարագ, կ.ա. 11։00
Պատարագիչ եւ քարոզիչ՝ Առաջնորդ Սրբազան
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը առցանց սփռումով մասնակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեանց, աղօթքով միանալու եւ Ս. Յարութեան շունչով աղերսելու Յարուցեալ Փրկչէն, որպէսզի վերջ տայ այս համաճարակին, առողջութիւն պարգեւէ բոլորին եւ մեր հաւատացեալներուն առիթը շնորհէ բնականոն պայմաններու մէջ մասնակից դառնալու սրբազան արարողութեանց։