Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ անոր ազնուափայլ Տիկնոջ՝ Յասմիկի:
Յովակիմեան ամոլը նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանին՝ Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար: