Հսկողութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, խմբագրութեամբ Սեդա Գրիգորեանի, էջադրումով եւ ձեւաւորմամբ Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի, այսօր, Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2022-ին, գունաւոր եւ բարձրորակ տպագրութեամբ լոյս տեսաւ Ազգային Առաջնորդարանի ԿԻԼԻԿԻԱ երկլեզու պաշտօնաթերթի Բ. տարուան Բ. թիւը:
Այս համարին ինքնատիպ կողքը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի եւ հայոց ազգի՝ մահէն ետք Յարութիւնն ու ցարդ շարունակուող հայոց գողգոթան:
Ազգ. Առաջնորդարանի վերջին երեք ամիսներու գործունէութիւնը ցոլացնող լուրերու կողքին, նորընծայ հատորը կը բովանդակէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հոգեւոր, ազգային ու եկեղեցական տօներու առիթով հնչեցուցած պատգամներն ու խօսքերը:
ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի ներկայ համարով նաեւ լոյսին կու գան հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու գրչին պատկանող անտիպ յօդուածներ եւ գրութիւններ: