Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի վերահսկողութեամբ լոյսին եկաւ Ազգային Առաջնորդարանի ԿԻԼԻԿԻԱ երկլեզու պաշտօնաթերթի ընթացիկ տարուան վերջին՝ 3-4 միացեալ թիւը, խմբագրութեամբ Սեդա Գրիգորեանի:
Տեղին է նշել, որ վերջերս Առաջնորդ Սրբազանը ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի անգլերէն բաժնի վերստուգող սրբագրիչ նշանակեց Ֆրեզնոյի նուիրեալ ազգայիններէն Մարք Սրկ. Շիրինը, որ սիրայօժար ստանձնեց իր պարտաւորութիւնը եւ միացեալ այս թիւի անգլերէն բաժնի աւելի քան 60 էջերու լեզուական խմբագրումի աշխատանքը կատարեց:
200 եւ աւելի էջ հաշուող նկարազարդ, բարձրորակ եւ գունաւոր տպագրութեամբ հրատարակուած ԿԻԼԻԿԻԱ երկլեզու պաշտօնաթերթը առաջին հերթին կը միտի հայկական կեանքին մէջ տեսանելի մեծ բաց մը գէթ մասամբ մը լրացնել՝ խթանելով Արեւմտահայերէն լեզուի գործածութիւնը: Այս առումով, ներկայ թիւին մէջ տեղ տրուած է նաեւ նոր՝ գրական, պատմական, աշակերտական եւ մանկապատանեկան բաժիններու, հարստացնելով պարբերականին բովանդակութիւնն ու նկարագիրը: Ինչ կը վերաբերի անգլերէն բաժինին, ԿԻԼԻԿԻԱ կը նպատակադրէ հասանելի դառնալ նաեւ հայերէն գրել-կարդալու դժուարութիւն ունեցող ամերիկահայ սերունդներու, որպէսզի ամրապնդուին անոնց եւ հայ իրականութեան միջեւ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային կապերը:
Արդարեւ, ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթը հայելիացումն է Արեւմտեան Թեմի վերջին վեց ամիսներու գործունէութեան դաշտերուն ու իրագործումներուն՝ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Լաս Վեկաս, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Ֆրեզնօ, այլեւ մինչեւ Լիբանան եւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն: Աւելի՛ն. պաշտօնաթերթին մէջ մեծ չափով նաեւ ներկայ է համայնքը ամբողջ՝ իր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային բաղադրիչներով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի ծխական եկեղեցիներն ու Ազգային վարժարանները, բարեկամներն ու բարերարները, միութիւններ ու ժողովուրդ, որոնք ագուցուած իրարու՝ Արեւմտեան Թեմը կը կենսաւորեն եւ մեր ազգային կեանքին կու տան շունչ ու երանգ, իմաստ ու խորութիւն, աւելի եւս դրոշմելով հայկական ինքնութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի այս ափերուն:
Կը հաւատանք, որ հազարաւոր հայ տուն մտնելով՝ ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթը իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Արեւմտահայերէն լեզուի գործածութեան բարելաւման ու տարածման, հայ-քրիստոնեայ մարդուն հոգեմտաւոր կազմուածքի ամրապնդման եւ շրջանի հայկական կեանքի առաւել պայծառացման մէջ: