Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2020-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար Առ Աստուած յատուկ աղօթք բարձրացնելու նպատակով Թեմէս ներս գործող Լոս Անճելըսի հոգեւորականները եւ սարկաւագներ հրաւիրեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր երեկոյեան ժամը 7-ին միասին կանգնեցան Աստուծոյ առջեւ եւ միաբերան աղօթեցին՝ ի խնդիր Հայկական Բարձրաւանդակի եւ հայրենի ժողովուրդի խաղաղութեան:
Խաղաղական ժամերգութիւնը հանդիսաւորապէս կատարելէ ետք, երբ ներդաշնակ երգեցողութեամբ հոգեւոր հայրեր եւ սարկաւագներ բազում դարերու անցեալ ունեցող շարականները աղօթաբար երգեցին, Թորգոմ Եպս. Խորան բարձրացաւ եւ այս առիթով յատուկ պատգամ մը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այսօր աղօթեցինք, երգեցողութեան ընդմէջէն, Խաղաղութեան Իշխանին՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ ներգործէ մեր կեանքին մէջ այնպիսի նոր ուժով մը, որ մեզ զինէ որպէս ժողովուրդ, որպէս ազգ, որպէս հայրենիք՝ Հայաստան եւ Արցախ, որպէս բանակ, որպէս ամբողջութիւն, այնպիսի երկնային օրհնութիւններով եւ նիւթականին կողքին նաեւ աննիւթական զէնքերով, որոնց կարիքը ունինք մենք այսօր, մեր կեանքին մէջ»:
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Հայրը նշեց, որ մենք մեր հաւատքին մէջ կը մնանք անսասան, որովհետեւ Յիսուս անուն ժայռը ունինք մեզ ապաւէն ե՛ւ իբրեւ ազգ, ե՛ւ իբրեւ հայրենիք, ե՛ւ իբրեւ բանակ, ու մանաւանդ մենք լքուած եւ խորտակուած չենք որպէս ազգ ու հայրենիք, երբ այսօր զանազան կայծակներ կը հարուածեն Արցախ աշխարհը, զի մեր ազգը դարերու ընթացքին քալեց կրակէ ճամբաներէ, զանազան պետութիւններ, իշխանութիւններ չուզեցին տեսնել մեր ազգը, բայց հակառակ այս բոլորին, մենք գոյութիւն ունինք, հայրենիք ունինք, Հայոց Եկեղեցի ունինք, հայկական բանակ ունինք, «եւ հայրենիքը իր կեանքէն ու եսէն աւելի բարձր դասած գիտակից երիտասարդութիւն ունինք, որ իր արեամբ կը պաշտպանէ մեզի համար երկրաւոր դրախտավայր Հայաստան աշխարհը, մահուան կը յաղթէ Յիսուսի օրինակով, որպէսզի ապրի՛ ազգը, ապրի՛ հայրենիքը»: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց՝ «պատիւ մեր նահատակներուն, որոնք իրենց արեամբ կ՛ոռոգեն սրբութիւն սրբոց մեր հայրենիքը՝ յանուն հայու տեսակի յաւերժութեան, անոնք կ՛անմահանան եւ կը դառնան աստղեր, երկինքէն հսկելու համար իրենց հայրենիքն ու ժողովուրդը եւ հաւատքի տոկունութիւն պարգեւելու համար ապրողներուս», խօսքերով:
Սրտառուչ պատգամէն ետք, որքան առինքնող էր ունկնդրել «Տէր Ողորմեա»ի երգեցողութիւնը, որ կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ որուն պատասխանեցին հոգեւորական եւ սարկաւագաց դասերը, ապա ըսուեցաւ «Գործոց Բարեաց Յաջողութիւն», «Հայ Բանակին Հզօրութիւն», որուն յաջորդեց յատուկ մաղթանք մը մեր հայրենեաց նուիրուած: Հուսկ, «Տէրունական Աղօթք»ը քայլերգաբար երգուեցաւ եւ «Մեր Հայրենիք»ը աղօթաբար հնչեց առ Աստուած:
Եկեղեցական այս եզակի արարողութիւնը հաւատքի վերանորոգութեան եւ հայրենիքին կապուած ըլլալու ուխտին առիթ դարձաւ, որ նաեւ հոգեկան անսահման սփոփանք շնորհեց ե՛ւ աղօթողներուն, ե՛ւ համացանցի վրայ բազմահազար հետեւողներուն: